ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»․- Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Արցախի մէջ հրադադարի համաձայնութեան մասին յայտարարութիւն մը տարածեց:
«Գանատա առ ի գիտութիւն ընդունած է հրադադարի հաստատումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Մեր միջազգային գործընկերներուն հետ կ՛աշխատինք ուսումնասիրելու այս համաձայնագիրին պայմանները եւ հետեւանքները: Մենք կը շարունակենք աջակցիլ հայ ժողովուրդին, որուն հետ ամուր կապեր ունինք: Մենք Ատրպէյճանէն յարգանք կ՛ակնկալենք իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն նկատմամբ եւ կը պահանջենք ռազմական գործողութիւննեու անյապաղ դադրեցում: Թուրքիա պէտք է զերծ մնայ հակամարտութեան մասնակցելէ», գրած է նախարար Շամփայն: