ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էն.Պի.Սի.».- 4 Նոյեմբերի գիշերը, Պեվըրլի Հիլզ քաղաքին մէջ գտնուող թրքական ճաշառանի մը վրայ յարձակած եւ նիւթական վնասներ պատճառած քանի մը երիտասարդներէն մէկը նկատուող Վիլեամ Ստեփանեան Հինգշաբթի օր ձերբակալուեցաւ Կլենտէյի մէջ։ 22ամեայ կասկածելին Կլենտէյլի բնակիչ է եւ ատելութեան հողի վրայ յանցագործութեամբ, գողութեամբ եւ յարձակումի մեղադրանքներով կ՛ամբաստանուի:
Ան նախապէս բանտարկուած է եւ չի կրնար գրաւի դիմաց ազատ արձակուիլ: Ան դատարան պիտի ներկայանայ այս շաբաթ:
Պեվըրլի Հիլզի ոստիկանութիւնը կը հաղորդէ, որ Հետաքնութիւններու դաշնակցային գրասենեակին («Էֆ.Պի.Այ.») հետ համատեղ աշխատանքի արդիւնքով ձերբակալուած կասկածելին ատելութեան հողի վրայ յանցագործութիւն կատարած հիմնական կասկածեալներէն մէկն է միայն: Ոստիկանութիւնը կը հաղորդէ, որ 20-30 տարեկան 6-8 տղամարդեր մուտք գործած էին ճաշարանը՝ վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցնելով սեփականատէրերուն եւ աշխատակիցներուն հասցէին: