ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճան հաստատեց Հայաստանի հետ ռազմագերիները` «Բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով փոխանակելու մտադրութիւնը: Ըստ «Թասս» լրատուական գործակալութեան՝ այս մասին կ՛ըսուի Ատրպէյճանի` Ռազմագերիներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ:
«Ատրպէյճան կողմնակից է գերիներու եւ պատանդներու` «Բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով փոխանակման», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Մինչ այդ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը յայտնեց, որ Ղարաբաղի մէջ անհետ կորսուած զինուորներուն հարցը կը գտնուի Ռուսիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին։