ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր կառավարութեան հրաժարականի պահանջին միացան 22 քաղաքական կուսակցութիւններ, Հայաստանի 202 բնակավայրեր, 500 փաստաբաններ, 10 դեսպաններ, 3 կրթական հաստատութիւններ, մեծաթիւ մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ:
Խումբ մը եզիտի երիտասարդներու կողմէ հիմնադրուած «Սարհլդան» նախաձեռնութիւնը, արձագանգելով ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի կոչին՝ յայտարարութեամբ մը հաստատեց, որ իրենք ժողովուրդին կողքին են եւ թոյլ պիտի չտան, որ իշխանութիւնները Հայաստանը տանին կործանման։ Նախաձեռնութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր եզիտիներուն՝ իրենց դերակատարութիւնը ունենալու հայրենիքի փրկութեան գործին մէջ, ոտքի կանգնելու ու միանալու խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւններուն: