ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբերի կէսօրին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի:
Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ անոնք փոխանցեն իրենց բարեմաղթութիւնները առաջնորդ սրբազանին եւ արտասանուած սրտի խօսքերուն ընդմէջէն ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեն զօրակցելու սրբազան հօր բոլոր ծրագիրներուն: Խօսելով նաեւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին՝ այցելուները անդրադարձան եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մարդասիրական առաքելութեան, ներկայացուցին գործադրուած ծրագիրներու ընթացքը եւ կատարուելիք աշխատանքները, զորս եկեղեցին պիտի իրագործէ շրջանին մէջ, ժողովուրդին համար եւ յանուն Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան: Այս առիթով, անոնք խնդրամատոյց եղան առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեան:
Փոխադարձաբար, սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ ծառայութիւնը եւ հրաւիրեց զանոնք վերանորոգ հաւատքով շարունակելու Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ընդմէջէն իրենց անմնացորդ ծառայութիւնը եւ սպասաւորութիւնը մատուցել Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակներուն: