ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը տէր եւ տիկին Աբօ եւ Նորա Թաշճեաններուն:
Թաշճեան զոյգը սրբազան հօր փոխանցեց իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները եւ այս առիթով Ազգային առաջնորդարանին նուիրեց 10 հազար տոլար: