
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- 9 Դեկտեմբերին վաւերացուած հրչակագիրով մը, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը վերահստատեց Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու իր որոշումը, նոյն ժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ իրենք եւս ճանչնան Արցախի անկախութիւնը։
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի նախաձեռնած բանաձեւը հիմնուած է քաղաքին եւ Արցախի միչեւ երկար տարիներու յարաբերութիւններուն վրայ, որուն շնորհիւ քաղաքը եւ Շուշին բարեկամ քաղաքներ հրչակուած էին։
Բանաձեւը կարելի է կարդալ https://clkrep.lacity.org/onlinedocs/2020/20-0002-S156_reso_11-24-2020.pdf կայքէջին վրայ։