ՍԱՆԱՆ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 15 Ապրիլ 1992ին, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ դստեր, քրոջ, թոռան, նշանածին եւ հարազատին՝ Սանան Մահսէրէճեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր, 2020ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020ին, կէսօրէն ետք ժամը 12:30ին, Կլենտէյլի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ ժամը1:30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, ուր պիտի խորհրդանշուի Սանանի անմահ յիշատակի յաւերժութիւնը։
Սգակիրներ՝
Ծնողքը՝ Պերճ եւ Կասիա Մահսէրէճեան
Քոյրը՝ Կարին Մահսէրէճեան
Նշանածը՝ Թոնի Ղանիմէ
Մեծ հայրը եւ մեծ մայրը՝ Յակոբ եւ Պերճուհի Մահսէրէճեան
Հօրեղբայրը՝ Հրաչ եւ Միրէյ Մահսէրէճեան եւ զաւակը՝ Ճէք
Հօրեղբայրը՝ Վաչէ Մահսէրէճեան
Հօրեղբայրը՝Ռոլանս եւ Արմինէ Մահսէրէճեան եւ զաւակները՝ Մայքըլ եւ Սթելլա
Մօրեղբայրը՝ Արամ եւ Սիւզի Պոսնոյեան եւ զաւակները՝ Գայան եւ Քրիստ (Լիբանան)
Զարմիկը՝ Զօրիկ եւ Գարլա Պոսնոյեան եւ զաւակը՝ Արամ (Լիբանան)
Մօրաքոյրը՝ Թամար եւ Ստեփան Տէր Պէտրոսեան (Լիբանան)
Զարմիկը՝ Ալիք եւ Գէորգ Մելքոնեան եւ զաւակը՝ Լալիկ (Լիբանան)
Զարմիկը՝ Զաւէն եւ Դուին Տէր Պէտրոսեան եւ զաւակները՝ Ստեփան, Վայք եւ Կարնի (Լիբանան)
Զարմիկը՝ Շաղիկ Տէր Պետրոսեան եւ նշանածը՝ Թորոս Մէնտիլեան (Լիբանան)
Խնամին՝ Արա եւ Անի Ղանիմէ եւ զաւակները (Քաթար)
Աբօ Կարապետեան
Եւ համայն Մահսէրէճեան, Պոսնոյեան, Տէր Պէտրոսեան, Ղանիմէ, Պանտաք, Պուֆարհատ, Իսթանպուլի, Նալպանտեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւները կը խնդրուի կատարել Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի «Սանան Մահսէրէճեան» կրթական հիմնադրամին (1615 N. Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027) https://www.pilibos.org/in_loving_memory կամ Children’s Hospital-ի (CHLA) Sanan Mehserdjian Cancer Research Fund-ին (4650 Sunset Blvd. #29, Los Angeles, CA 90027. ATTN: Cydne West: In lieu of flowers for Sanan Mehserdjian- http://connect.chla.org/site/TR/DIY/DIY_Fundraising?px=1263117&pg=personal&fr_id=1090) ։
ՍԱՆԱՆ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆի՝ ՀՄԸՄի Մարզական Խորհուրդի անդամուհիին, մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, Մարզական խորհուրդը եւ իր բոլոր մասնաճիւղերը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի մօր՝ ՀՄԸՄԻ Մարզական խորհուրդի անդմաներէն Կասիա Մահսէրէճեանին, հօր, քրոջ, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՍԱՆԱՆ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի մօր՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի ուսուցչուհիներէն՝ Կասիա Մասհէրէճեանին, հօր՝ Պերճ Մահսէրէճեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։