ԵՐԵՒԱՆ,․- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը նախապէս յայտարարած էր, որ 24 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ պիտի շրջափակէ կառավարութեան շէնքը. Ժամը 11ին սկսաւ կառավարութեան հերթական նիստն էր:
«Նիկոլ դաւաճան» կը գոչէին կառավարութեան դիմաց հաւաքուած քաղաքացիները, իսկ սաղաւարտներով եւ վահաններով զինուած ոստիկանները փակած էին կառավարութեան շէնքի բոլոր մուտքերը:
«Սիւնիքն այսպէս պաշտպանուած չէ, ոնց որ այս ստոր դաւաճանն է պաշտպանուած: Դրա մասին մտածէք, ոստիկաններ», կը գոչէին քաղաքացիները` դիմելով ոստիկաններուն:
«Ոստիկանները շրջափակել են կառավարութեան շէնքը, որպէսզի նախարարները շէնք չմտնեն: Քաղաքացիներն աջակցում են ոստիկաններին շրջապատել կառավարութեան շէնքը, որ նախարարները մուտք չգործեն: Եթէ գաղտագողի մտել են, նշանակում է, որ մի կառավարութիւն, որը չի կարող բաց երեսով իր վարչապետի հետ մուտք գործել կառավարութիւն, դադարում է ժողովրդի կառավարութիւն լինել», յայտնեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեան:
Գ․ Մանուկեան յայտնեց, որ այդ շէնքին մէջ գտնուող կառավարութեան անդամները ամբողջ կազմով Հայաստանի ու Արցախի ազգային անվտանգութեան համար մեծագոյն վնասն են։ «Ալիեւը երէկ Իշխանաձորում էր` ձեր ասած Հայաստանի սահմանների մօտ էր կանգնած, Հայաստանի սահմանները շատ աւելի լայն էին, Նիկոլը այդ սահմանները փակեց, բերեց մինչեւ Սիւնիքի գիւղեր», յայտարարեց ան:
Ան դիմեց ուժային կառոյցներուն, ընդհանուր հրամանատարութեան եւ անոր պետին՝ Օննիկ Գասպարեանին. «Քանի վայրկեան աւել Նիկոլ Փաշինեանը մնայ վարչապետի աթոռին, մեր երկիրն աւելի անպաշտպան է դառնում», ըսաւ ան: «Գեներալ-լէյտենանտ Օնի՛կ Գասպարեան, սիրելի՛ եղբայր, արձակուրդ եկած զինուորները երէկ ուղեւորւում էին Արցախ, սակայն նրանց թոյլ չեն տուել շարունակել իրենց ճանապարհը եւ դիրքերում կանգնել, ստիպուած վերադարձել են Սիսիանի զօրամաս, սա վտա՞նգ է մեր ազգային անվտանգութեանը, մեր դիրքերը դատարկւում են, որովհետեւ այս կառավարութեան շէնքում նստած է մի անմեղսունակ, որը չի կարողանում որեւէ քաղաքական հարց լուծել: Ձերն է քայլը, դուք պէտք է որոշէք, գործի անցնէք, ձեր պարտականութիւնը կատարէք, սպայի, գեներալի պատիւը պահէք, միացէք ժողովրդին, այս անմեղսունակին ասէք` հեռանայ», նշեց ան։
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ դիմեց կառավարութեան 14 անդամներուն՝ պատրաստուելու ու քուէարկելու Հայաստանի գլխաւոր դաւաճանին` Նիկոլ Փաշինեանին պաշտօնանկութեան համար: Ան նախ ընթերցեց Հայաստանի նախագահին մօտ նախարարներուն` պարտականութիւնը ստանձնելէ առաջ տուած երդումը: «Ժողովրդի առջեւ ձեր ունեցած առաջին պարտաւորութիւնն է կատարել ժողովրդի պահանջը, այն է` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին պաշտօնանկ անել, երկրորդ պահանջն է` ինքնիշխանութեանը եւ Հայաստանի շահերի պաշտպանութեանը դաւաճանած մարդուն հեռացնել պաշտօնից: Կառավարութեան իւրաքանչիւր անդամ իր համար սա որպէս Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով նախատեսուած պահանջ պէտք է ընդունի: Դրանից ելնելով` եթէ ձեզնից իւրաքանչիւրը չկատարի այս պահանջը, կը համարուի երդմնազանց, հայ ժողովրդի թշնամի, հակառակորդ», ըսաւ ան:
Մինասեան նշեց, որ ամէն վայրկեան Հայաստանի անվտանգութեան կործանում կը սպառնայ։ «Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացու, իւրաքանչիւր մարդու համար այսօր Հայաստանը դարձել է վտանգաւոր վայր։ Դաւաճանը պէտք է դատուի, երաշխաւորում ենք, որ արդար դատական համակարգով նա կը ստանայ իր արժանի պատիժը, բայց դրա համար չափազանց կարեւոր է ձեզնից իւրաքանչիւրը. հանած վարչապետին` 14 կառավարութեան անդամ, եթէ ներսում էք արդէն, պատրաստուէք, որ քուէարկէք պաշտօնանկ անելու համար ՀՀ գլխաւոր դաւաճանին», յայտարարեց ան:
Քաղաքացիները աւելի քան 5 ժամ շարունակեցին փակ պահել կառավարութեան մուտքը, իսկ ոստիկանութիւնը անհամաչափ բռնութիւն գործադրեց ցուցարարներուն վրայ։ Ոստիկանները քաշքշելով ու հրելով փորձեցին բանալ ճամբան, որպէսզի կառավարութեան անդամներուն, նաեւ Փաշինեանի ինքնաշարժները դուրս ելլեն կառավարութեան շէնքէն։ Ոստիկանները ձերբակալեցին 69 գործիչներ, որոնց կարգին Արցախի հերոս Շահէն Մեղրեանի որդին` Զինաւոր Մեղրեան: 5 կիներ վիրաւորուեցան այս քաշքշուքներուն ընթացքին։
Գ․ Մանուկեան դիտել տուաւ, որ, թէեւ բազմաթիւ քաղաքացիներ բերման ենթարկուեցան, սակայն իշխանութիւնն ու բերման ենթարկողները չեն հասկնար, որ ոչինչ պիտի փոխուի․ «Մի քանի ժամ ոստիկանութիւնում անցկացնելով` իրենց կեանքում բան չի փոխուելու, որովհետեւ իրենց համար կեանքը հայրենիքն է: Հայրենիքի համար կռուել են, հիմա հայրենիքի համար ցոյց են անում»: Ցուցարարները երթով ուղղուեցան դատախազութեան շէնք, ապա վերադարձան Հանրապետութեան հրապարակ` շարունակելու նստացոյցը: