ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Համաճարակէն տուժած գորժարարներուն աջակցելու նպատակով, Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւնները նոր ծրագիր մը մշակած են փոքրածաւալ գործառնութիւննեռու սեփականատէրներուն 500 միլիոն տոլարի նպաստներ տրամադրելու նպատակով։
Նախաձեռնութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի եւ համագործակցութեամբ նահանգապետին գործարարներու աջակցութեան գրասենեակին, աջակցութեան ծրագիրին մասին տեղեկատուական աշխատանիստեր տեղի պիտի ունենան 5 Յունուարին:
Անգլերէնով աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ (https://bit.ly/3n3l0Vb Passcode: 326122), իսկ հայերէնով՝ կ.ե. ժամը 3էն սկսեալ (https://bit.ly/3n2sZBN Passcode: 013204)։
Աշխատանիսնտներուն կարելի է հետեւիլ նաեւ http://sd25.senate.ca.gov կայքէջէն, իսկ հարցումներ կարել է ներկայացնել RSVPSenatorPortantino@gmail.com հասցէին միջոցաւ:
Դիմումները պէտք է ներկայացուին մինչեւ 8 Յունուար, այցելելով https://careliefgrant.com/ կայքը: