ԻՐԱՆ «ԻՆԹԸՐՓՈԼ»ԻՆ ԿԸ ԴԻՄԷ ԹՐԱՄՓԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
ԹԵՀՐԱՆ, ՍԷՈՒԼ, «Ռոյթըրզ»․- Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժին պատկանող նաւեր Երկուշաբթի օր Ծոցի ջուրերուն մէջ գրաւեցին հարաւային քորէական քարիւղատար նաւը՝ «նաւարկումի կանոնները խախտելուն համար»:
Նաւուն ձերբակալուած անձնակազմին մաս կը կազմեն քորէացիներ, ինտոնեզիացիներ, վիեթնամցիներ եւ միանմարցիներ:
Սէուլ պահանջեց անյապաղ ազատ արձակել քարիւղատար նաւը:
Նշենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւն ծագած էր Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն հիման վրայ՝ Հարաւային Քորէայի կողմէ իրանեան սառեցուած գումարներու գրաւման եւ զանոնք Թեհրանին յանձնելը մերժելուն՝ Սէուլի դիրքին պատճառով: Իրան անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ Հարաւային Քորէա 7 միլիառ տոլար գրաւած է:
Միւս կողմէ, Իրան Երեքշաբթի օր «Ինթըրփոլ»ին դիմեց՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւ 47 այլ ամերիկացիներ ձերբակալելու պահանջով, տարի մը առաջ տեղի ունեցած իրանցի հրամանատար Քասեմ Սոլայմանիի ահաբեկման հետաքննութեան ծիրին մէջ։