ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հայրենիք».- 28 Դեկտեմբերին, Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Մշակութային ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի պատուիրակութիւնը ժամանեց Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ:
ՀՅԴ Ստեփանակերտի կեդրոնին մէջ տեղակայուած «Արցախ Ֆոնտ»ի գրասենեակի անձնակազմին կազմակերպութեամբ՝ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արցախի պատերազմին ընթացքին զոհուած նահատակներու հարազատներուն հետ: Մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ «Արցախ Ֆոնտ»ի ներկայացուցիչները խոր ցաւակցութիւն յայտնեցին մեծ կորուստին առիթով եւ հաստատեցին, որ իրենց հերոսներու կորուստը ամբողջ ազգին կուրուստն է: Հարազատները պատմեցին պատերազմի արհաւիրքին եւ իրենց հերոս նահատակներուն մասին:
«Արցախ Ֆոնտ»ի ներկայացուցիչները քսան նահատակներու հարազատներուն նիւթական իրենց օժանդակութիւնը փոխանցեցին անոնց ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւնները մեղմացնելու իբրեւ միջոց:
«Ապառաժ» թերթին տուած կարճ հարցազրոյցին ընթացքին Խաժակ Մկրտիչեան բացատրեց, որ «պատերազմի ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքները մեղմացնելը ընդհանրապէս պետութեան պարտականութիւնն է: Բայց գիտենք, որ պետական միջոցները սահմանափակ են, ուրեմն մեզի պէս բարեսիրական կազմակերպութիւններ, իրենց ուժերուն ներած չափով, որոշ բաժին մը կը վերցնեն իրենց ուսերուն, որպէսզի այդ ձեւով քիչ մը նպաստած ըլլան արցախցի մեր հայրենակիցներու դժուարութիւններու մեղմացման: «Արցախ Ֆոնտ»ը վճռած է միշտ մնալ Արցախի կողքին, եւ այս այցելութեան ընթացքին կատարուած օժանդակութիւնները վերջինները պիտի չըլլան»: