ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան հետապնդման ծիրին մէջ ձերբակալուած է կասկածեալ Օքան Շիմշեքը, որ Տրապիզոնի ոստիկանական հետախուզական բաժինին մէջ նախկին սպայ մըն է։ Ան կ՛ամբաստանուի Տինքի սպանութեան ծրագիրին մասին տեղեակ ըլլալուն եւ զայն թաքցնելու յանցանքով:
Քանի մը օր առաջ, թրքական դատարանին որոշումով, Տինքի սպանութեան գործով ձերբակալուած էին նաեւ ոստիկանական հետախուզութեան երկու նախկին սպաներ՝ Վէյսալ Շահինը եւ Վոլքան Շահինը:
Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինքը սպաննուած էր 19 Յունուար 2007ն, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ, 16ամեայ թուրք ազգայնամոլի մը կրակոցով։