ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»․- Թրքական խորհուրդը առաջարկած է 2022ին Շուշին հռչակել թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաքը, կը գրէ tr.sputniknews.com կայքը։
Խորհուրդին մաս կը կազմեն՝ Թուրքիա, Ատրպէյճան, Ղազախստան, Իւզպեքիստան եւ Ղըրղըզիստան․ անիկա ամէն տարի կ՛ընտէ թրքական աշխարհի մայրաքաղաք մը, ուր կ՛իրականացուին մշակութային ձեռնարկներ: