ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նոր նստաշրջանին սկսելուն առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները առցանց հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանական Քրիս Հոլտընի հետ (Դ․, 41րդ ընտրաշրջան)՝ քննարկելու կազմակերպութեան եւ շրջանի հայութեան համար առաջնահերթ քաղաքական շարք մը հարցեր։
Քննարկումի կարեւորագոյն հարցն էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի վրայ յարձակումը եւ անոր պատճառած ահաւոր վնասները դարմանելու կարելիութիւնները։
Հայ Դատի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին Հոլտընին, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան հասնելու ամերիկահայութեան ու յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայութեան ջանքերուն միշտ նեցուկ կանգնած է։
«Խորհրդարանական Հոլտըն ամերիկահայ համայնքի երկար տարիներու բարեկամն է, յաճախ ներկայ գտնուած է համայնքին կազմակերպած ձեռնարկներուն եւ նեցուկ կանգնած հայանպաստ օրէնսդրութիւններու։ Կը յուսանք սերտ համագործակցութիւն շարունակել նոր նստաշրջանին ընթացքին», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։