ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 25 Յունուարին ընթացք առաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի 2021ի գարնանային վարժողական ծրագիրը, որուն կը մասնակցին հինգ խանդավառ եւ նուիրեալ ուսանողներ, որոնք յառաջիկայ 15 շաբաթներուն ընթացքին պիտի մասնակցին դաստիարակչական ծրագիներու, աշխատանիստերու եւ հանդիպումներու, նոյն ժամանակ իրականացնելով Հայ Դատի ջատագովման նպաստող շարք մը անհատական եւ խմբային ծրագիրներ:
Յատկանշական է, որ գարնանային վարժողական ծրագիրին մասնակցողները մասնակցած էին նաեւ յանձնախումբին աշնանային վարժողական ծրագիրին, որ համաճարակին պատճառով իրականացաւ առցանց։ Անոնք կարեւոր աշխատանք տարին Արցախի վրայ ատրպէյճանաթրքական յարձակումին ընթացքին, մօտէն հետեւելով լրատուամիջոցներուն․ ընկերային ցանցերու միջոցաւ իրադարձութիւններուն մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաղորդելով եւ այլ նախաձեռնութիւններ իրականացնելով։
Գարնանային ծրագիրը եւս առցանց պիտի իրականացուի։
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրները ցոյց կու տան, որ կազմակերպութիւնը նուիրուած է համայնքին եւ հայ ազգի ապագայ ղեկավարները թրծելու ջանքերուն։ Ուրախ ենք, որ նախորդ շրջանի բոլոր մասնակցողները որոշեցին դարձեալ մասնակցիլ ծրագիրին, որուն շնորհիւ անոնց նոր կերտած ձիրքերը կարելի պիտի ըլլայ աւելիով մշակել, ուղղակիօրէն նպաստելով Հայ Դատի ջատագովման», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութիւններու բաժինի վարիչ Վերժինի Թուլումեան։
Վերջին 15 տարիներուն, մօտաւորապէս 150 ուսանողներ մասնակցած են Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրներուն եւ անոնց մեծ մասը համայնքին գործօն անդամները դարձած են։
Գարնանային վարժողական ծրագիրին մասնակցողներն են՝ Մարի Անդրանիկեան (Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղ), Ֆիյունէ Պազկոշա (Կլենտէյլի համայնքային համալսարան), Արին Պոյաճեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ), Քրիսթինա Շիրեանեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղ), Քնար Գեղամեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ), Միշա Կիւրէղեան-Հոլ (Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան), Անուշ Յակոբեան (Փորթլընտի համալսարան), Քրիսթին Յակոբեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ), Շանթ Քլուճեան (Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան), Յովիկ Մանոյեան (Փոմոնային «Քալ Փոլի» համալսարան), Սերենա Փելենկեան («Օքսիտենթըլ» համալսարան), Սէրլի Փօլատեան (Փասատինայի քաղաքային համալսարան), Քրիսթըֆըր Ռայպըս (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ) եւ Փիթըր Թանգիկեան («Պրաուն» համալսարան)։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրը սկսած է գործելու 2006ին, հանրային քաղաքականութեան մարզին մէջ կարեւոր փորձառութիւն ձեռք ձգելու առիթներ ապահովելու համար երկրորդական վարժարաններու աշակերտներու եւ համալսարանական հայ ուսանողներու:
Նշենք, որ Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմումնագիրները ամբողջացնել՝ այցելելով https://ancawr.org/initiatives/anca-wr-internship-program կայքէջը։