ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 25 Յունուարին, որոնողական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ յայտնաբերուած են մարտական գործողութիւններուն մասնակցած յաւելեալ չորս զինուորներու աճիւնները։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինի պետ Յունան Թադեւոսեան՝ ըստ որուն, զինուորներէն մէկուն աճիւնը ատրպէյճանցիները յայտնաբերած են Մատաղիսի տարածքին մէջ եւ վերադարձուցած հայկական կողմին:
«Նրա ինքնութիւնը պարզ է` զինուորի մօտ առկայ վարորդական վկայականից: Նա 1993 թուականին ծնուած Աշոտ Լեւոնի Խաչատրեանն է: Միւս երեք զինծառայողներին փրկարարները Ջաբրայիլի տարածքից են յայտնաբերել, նրանց ինքնութիւնը պարզելու համար առաջիկայում կը նշանակուի դատաբժշկական փորձաքննութիւն», յայտնեց ան:
Յունան Թադեւոսեան դիտել տուաւ, որ ընդհանուր առմամբ ցարդ յայտնաբերուած են 1287 մարմիններ։