ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան այսպէս կոչուած՝ ազատագրական շարժման արեւելեան ճակատի հրամանատար եւ 1920ի թուրք-հայկական պատերազմին թրքական զօրքերու հրամանատար Քազըմ Քարապեքիրի մահուան տարելիցին առիթով գրառում կատարած է՝ պնդելով, որ ան «որբերու հայրն էր», որովհետեւ Անատոլիոյ մէջ (Արեւմտեան Հայաստան-Խմբ.) իր հոգածութեան տակ առած էր 6000 մանուկներ:
Անդրադառնալով Քարապեքիրի դիմանկարի պատմութեան՝ Էրտողան կը նշէ, որ անիկա Քարապեքիրին նուիրած էին Տրապիզոնի որբերը։ Նշենք, որ դիմանկարին տակ եղած գրութիւնը օսմաներէն է եւ կ՛ըսէ. «Որբերու մեծարգոյ հայր հերոս Քազըմ Քարապեքիր փաշային… Տրապիզոնի հայ որբերուն կողմէ… Ռումի, 9 Սեպտեմբեր1922»:
Թուրքիոյ նախագահին այս գրառման արձագանգեց այդ երկրի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան՝ յիշեցնելով. «Այդ դիմանկարին պատմութիւնը գիտե՞ս, պարոն Էրտողան: Այդ մանուկները որբացած են, որովհետեւ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց ընտանիքները կոտորուած են: Պարոն Էրտողան, դուն իսկապէս պատրա՞ստ ես առերեսուելու այդ դիմանկարի պատմութեան հետ»: