ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան (AESA), Կարմիր Խաչին, Ամերիկահայ Բժշկական միութեան (AAMS), եւ Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութեան (AANA) եւ Արցախի պատերազմին ընթացքին վիրաւորուած հերոսներուն ի պատիւ արիւնարշաւ մը պիտի կատարուի 10 Փետրուարին, կ․ե․ ժամը 2էն 8ի միջեւ, 326 Mira Loma Ave., Glendale, CA 91204 հասցէին։
Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը , իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել contact@aesa.org հասցէին։