ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ հաստատուած «Խոստումը» հայկական հիմնարկին եւ «Խոստումը» մարդկային իրաւանց հիմնարկին, 2 Փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Zoom-ի միջոցաւ առցանց քննարկում մը, որ նուիրուած է Արցախի նորագոյն պատերազմին վնասները դարմանելու նպատակով իրականացուող եւ իրականացուելիք մարդասիրական աջակցութեան ջանքերուն։
Քննարկումին պիտի մասնակցին դոկտորներ Շանթ Շխրտմեան, Սալբի Ագարակեան եւ Հայկ Այնթէպեան, ինչպէս նաեւ Քէյթ ՄըքՔինթոշ, որ՝ իբրեւ Առանց Սահմաններու բժիշկներ կազմակերպութեան անդամ, երկար տարիներու փորձառութիւն ունի այս մարզին մէջ։ Քննարկումը պիտի համակարգէ համալսարանին հանրային առողջապահութեան «Ֆիլտինկ» բաժանմունքի վարիչի օգնական Ալինա Դուրեան։
Արձանագրուելու համար այցելել bit.ly/humanitarianpanel կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել armenian-info@international.ucla.edu հասցէին, (310) 569-6325 թիւին կամ այցելել www.international.ucla.edu/armenia կայքէջը։