Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ինչպէս որ նոր արտադրուած ժապաւէն մը գովազդելու համար հսկայական գումարներ կը ծախսուին, նոյնպէս ալ քաղաքական դաշտի ամերիկեան նորագոյն բեմադրութիւնը ամէն օր կը գովաբանուի զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ:
Թատրոնին խորագիրն է պաշտօնաւարտ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի դատավարութիւնը (Բ. արար), իսկ թատերասրահն է Ծերակոյտը: Բացում՝ 8 Փետրուարին: Դեմոկրատները առաջին արարը աւարտեցին Թրամփի պաշտօնավարութեան վերջին օրերուն, իսկ Պայտընի պաշտօնավարութեան մեկնարկէն ետք, սկսան Բ. արարի նախապատրաստութիւնները: Ծանօթ է, որ նարնջագոյն դէմքով շիկահեր մարդը ամբաստանեալի աթոռին նստեցուցած են, որովհետեւ օր ցերեկով եւ հրապարակային կոչով՝ իր հազարաւոր համակիրները մղեց յարձակում գործելու ժողովուրդին կողմէ ընտրեալներու Տան՝ խորհրդարանի շէնքին վրայ: Հետեւանքը եղաւ հինգ զոհ (առաւել երկու անձնասպանութիւն կատարողներ), նիւթական վնասներ, խորհրդարանականներու ահաբեկում: Մանրամասնութիւնները մինչեւ այսօր ալ «կը գովազդուին» պատկերասփիւռի կայաններէ: Գործակից-մեղսակիցները կարծէք թէ մոռցուած են:
Ծերակուտական բեմադրութիւնը պիտի կատարուի երկու խրամատէ. Թրամփի պաշտպանները կ՛ըսեն, որ ան պէտք չէ հետապնդումի ենթարկուի, որովետեւ (ի շարս այլ պատճառներու) արդէն դադրած է նախագահ ըլլալէ: Մեղադրողները կ՛ըսեն, որ կարելի չէ ոճրային եւ խափանարարական արարքներու մղողին օձիքը բաց ձգել, որպէսզի նախընթաց չստեղծուի եւ բազում յանցանքներու վրայ նոր գագաթնակէտ մը աւելցնող ապիկարը արդար պատիժի արժանանայ: Բացայայտ է, սակայն, որ հանրապետականները կը նախընտրեն անգամ մը եւս բաց թողուլ յանցապարտը, ինչպէս ըրին աւելի քան տարի մը առաջ, երբ դեմոկրատները այլ պատճառներով ամբաստանեցին զայն եւ փորձեցին հեռացնել Սպիտակ տունէն:
…Իսկ թէ բեմադրիչները որքա՞ն հետաքրքրուած են բոլոր այն յանցապարտներով, որոնք մինչեւ այսօր ալ ստապատիր քարոզչութեամբ կը մոլորեցնեն հանրութիւնը՝ յստակ չէ: Ինչ որ կարեւոր կը նկատուի այս փուլին՝ այն է, որ բացայայտ յանցաւորը պէտք է դատուի եւ դատապարտուի: Սա կրնայ ըլլալ նաեւ բացումը այլ հետապնդումերու շարքի մը (պատկերասփիւռային շարքերու՝ «սերիալ»ներու հետեւողութեամբ), ուր քննարկուին նարնջագոյն մարդուն բոլոր խաղքութիւնները, սկսելով նիւթական զեղծումներէն, հասնելով մինչեւ իր բոլոր պառակտիչ ու սուտ «գեղգեղումներուն», որոնք լռութեան դատապարտուեցան նախագահութեան վերջին օրերուն: Մինչ այդ, նոր նախագահը սկսած է իր «սերիալ»ները, յայտարարելով, որ կ՛աշխատի չեղարկել նախորդին խեղումներն ու քանդումները: Նախանշանները յոյս կը ներշնչեն: Տեսնենք թէ այս լողորդին շունչը որքա՞ն երկար պիտի ըլլայ:
3 Փետրուար 2021