ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային առողջապահական մարմինները ջանքեր կը տանին՝ արագացնելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումները։
Այդ ծիրին մէջ, որորշուեցաւ նահանգին տարածքին տեղադրել պատուաստումի մեծ կեդրոններ, ոռոնցմէ իւռաքանչիւռին մէջ կարելի պիտի ըլայ օրական մօտաւորապէս 6000 պատուաստում կատարել։
Անոնցմէ առաջին երկուքը պիտի գործեն Օքլընտի, իսկ երկրորդը՝ Լոս Անճելըսի մէջ (Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի համալիրին մէջ)։
Նաեւ, 11 Փետրուարէն սկսեալ կարգ «Սի.Վի.Էս.» դեղարաններ եւս պիտի ստանան պատուաստներ, որոնցմէ ստանալու համար կարելի պիտի ըլլայ ժամադրութիւններ ապահովել դեղարանին կայքին վրայ, 9 Փետրուարէն սկսեալ։
Նշենք, որ այս հանգրուանին, առողջապահութեան մարզի աշխատողներ եւ 65 տարիքը բոլորած քաղաքացիներ կրնան պատուաստուիլ։