ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան 6 Փետրուարին տեսակցեցաւ կրթութեան մարզի խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ, որոնց հետ քննարկեց համակարգի հարցերը եւ տեսլականը:
Քննարկման մասնակցողները կրթութեան ոլորտին մէջ մեծ փորձառութիւն եւ ներդրում ունեցող գիտնականներ ու փորձագէտներ էին, ոլորտի պետական նախարարութեան նախկին ղեկավարներ եւ հեղինակաւոր դպրոցներու տնօրէններ:
Վերջիններս մտահոգութիւն յայտնեցին կրթական համակարգի ընդհանուր վիճակին, կրթութեան նկատմամբ պետական ոչ-համարժէք քաղաքականութեան, վերջին տարիներուն հանրակրթական ոլորտին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու միտումներուն վերաբերեալ:
Մանուկեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստանի ապագան կը տեսնէ երկու ուղղութիւններու զարգացման ընդմէջէն` բանակ եւ կրթութիւն: Ըստ անոր՝ հզօր եւ բարեկեցիկ երկրի մը գրաւականը ուժեղ բանակն է եւ կրթութիւնը` ազգային ու համամարդկային արժէքներու ճիշդ համադրութեան, բնական գիտութիւններու եւ յառաջատար արհեստագիտութեան վրայ հիմնուած կրթական համակարգով: Ան շեշտեց, որ այս երկու հարցերը առաջնահերթ պէտք է դառնան Հայաստանի որեւէ իշխանութեան համար։
Մասնակցողները քննարկեցին կրթութեան մարզի հառցերու բաւական լայն շրջանակ մը, որ կը վերաբերի կրթութեան գաղափարախօսութեան, կառավարման ձեւին, 12ամեայ կրթական համակարգին, կրթութեան մէջ ազգային բաղադրիչի դերին, կրթական նոր չափորոշիչներուն, հայագիտական առարկաները կրթական ծրագիրներուն մէջ նուազեցնելու հարցերուն, այս օրերուն աշխուժօրէն քննարկուող գնահատման համակարգի փոփոխութիւններուն եւ այլ հարցերու:
Վազգէն Մանուկեան առաջարկեց միացեալ ջանքերով ձեւաւորել Հայաստանի կրթական համակարգի տեսլականը, հաւանական բոլոր հարթակներուն վրայ աշխուժօրէն քննարկումներ ծաւալել վերոնշեալ հարցերուն շուրջ եւ փորձել ազդեցութիւն ունենալ կրթական մարզին մէջ որոշումներ տալուն վրայ, թէ՛ այսօր եւ թէ ապագային: