ԵՐԵՒԱՆ, «Ռոյթըրզ»․- 16 Փետրուարին, Ճափոնի կառավարութիւնը որոշեց օժանդակութիւն տրամարդել ղարաբաղեան պատերազմին պատճառով ծագած մարդասիրական աղէտին վնասները դարմանելու նպատակով, Հայաստանին յատկացնելով 3․6 միլիոն տոլարի, իսկ Ատրպէյճանին՝ 1․2 միլիոն տոլարի աջակցութիւններ:
Ըստ Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ օժանդակութիւնը պիտի տրուի՝ նպաստելու համար գլխաուրաբար բնակարաններու նորոգութեան եւ բժշկական մարզին՝ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին (UNHCR), ՄԱԿի մանուկներու հիմնադրամին (UNICEF), Գաղթականներու միջազգային կազմակերպութեան (IOM), Համաշխարհային ուտեստողէնի ծրագիրին (WFP) եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան (ICRC) միջոցով: