ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- 13 Փետրուարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովը ունեցաւ իր լիագումար առցանց նիստը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ համաատենապետութեամբ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի (Լիբանան) եւ Գրիգոր Մահսէրէճեանի (Ապու Տապի)։
Դիւանապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց նախորդ երկու նիստերու ատենագրութիւններուն գլխաւոր կէտերը, յատկապէս ծանրանալով Լիբանանի հայութեան վերականգնումի, Արցախի պատերազմին յառաջացուցած տագնապին եւ կաթողիկոսութեան մօտեցման, կաթողիկոսարանին կատարած ընկերային ծառայութեան, ինչպէս նաեւ վեհափառին ունեցած եկեղեցական ու պետական շփումներուն։ Ապա, հայրապետը լայն զեկոյց մը տուաւ հետեւեալ կէտերուն շուրջ.
Ա. Հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, Մայրավանքէն ներս, ինչպէս մեր բոլոր թեմերուն մէջ, եկեղեցական արարողութիւնները կանոնաւոր կերպով կը կատարուին եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններու ու Սուրբ Գրոց սերտողութիւններու ճամբով հոգեւոր սնունդ կը տրուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Վեհափառը, ընդգծելով կարեւորութիւնը այս աշխատանքներուն՝ անհրաժեշտ նկատեց, որ անոնք շարունակուին վերանորոգ թափով։
Բ. Կաթողիկոսը ցաւով անդրադարձաւ, որ համաճարակին զոհ գացած են համայնքային պատասխանատուներ եւ ազգայիններ, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներ՝ գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ։ Պետական եւ առողջապահական պատասխանատուներուն կողմէ կատարուող թելադրութիւնները՝ թագաժահրէն հեռու պահելու ձգտող, անհրաժեշտ է որ ամբողջութեամբ յարգուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ, շեշտեց հայրապետը։
Գ. Համաճարակին եւ տնտեսական տագնապին ստեղծած կացութիւնը մեզ կը մղէ առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելու ընկերային ծառայութեան։ Այս ծիրին մէջ, կաթողիկոսը գնահատանքով ողջունեց առաջնորդարաններուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններուն կողմէ կատարուած մարդասիրական աշխատանքները։ Վեհափառը նաեւ հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ նոյն ուղղութեամբ կաթողիկոսարանին աշխատանքներուն, յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ։ Ան նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր ազգայիններուն եւ թեմերուն, որոնք նիւթապէս կ՛աջակցին մեր ժողովուրդի կարիքներուն։
Դ. Լիբանանի հայութեան վերականգնումը հայրապետը նկատեց յոյժ կարեւոր։ Այս ծիրին մէջ անցնող ամիսներուն գործնական քայլեր առնուեցան յատկապէս վնասուած տուներու վերանորոգման ուղղութեամբ։ Ան իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ այս աշխատանքներուն իրենց նիւթական մասնակցութիւնը բերած մեր բոլոր կառոյցներուն, թեմերուն եւ ազգայիններուն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։
Ե. Անդրադառնալով Արցախի պատերազմին ստեղծած կացութեան՝ վեհափառը յայտնեց, թէ այս ուղղութեամբ իր տեսակէտը, եւ բնականաբար, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մօտեցումը յստակօրէն արտայայտած է։ Ամէն գնով բեւեռացումներէ հեռու պէտք է պահել Հայաստանը, նոր ընտրութիւն կազմակերպելով եւ նոր իշխանութիւն հաստատելով. միաժամանակ, լծուելով Արցախի անկախութիւնը ապահովելու աշխատանքներուն։
Զ. Կաթողիկոսը յիշեցուց, որ 2021ը հռչակած է «Արցախի տարի»։ Այս ուղղութեամբ իր հռչակագիրը կարդացուած է մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Հռչակագիրին մէջ կը շեշտուի Արցախի կարիքներուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ Արցախի անկախութեան համար յատուկ աշխատանքներ տանելու հրամայականը։
Է. Կաթողիկոսը նաեւ անդրադարձաւ կաթողիկոսարանին դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններուն։ Թեմերուն մէջ ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւնները, Լիբանանի տնտեսական տագնապը եւ դրամատնային կառոյցին յառաջացուցած հարցերը իրենց ժխտական անդրադարձը ունեցան կաթողիկոսարանի տնտեսական կացութեան վրայ։ Հակառակ այս իրողութեան, վեհափառը հրամայական նկատեց թեմերուն կողմէ աթոռատուրքի գծով յատուկ ճիգ մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը։
Ը. Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձի գծով Թուրքիոյ պետութեան դէմ կաթողիկոսարանի դատին անդրադառնալով՝ հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց վերջին զարգացումներուն եւ թրքական դատարանին կողմէ կատարուած յետաձգումներուն եւ յայտնեց, որ դատի թուական ճշդուած է 21 Մարտ 2021ը։
Թ. Վեհափառը գոհունակութեամբ յայտնեց, որ հակառակ գործնական դժուարութիւններուն, կաթողիկոսարանին մէջ հաստատուած հայագիտական եւ մանկավարժական կեդրոնները կը գործեն առցանց։ Դպրեվանքը, «Թռչնոց Բոյն»ը, Ազգային ծերանոցը եւ Ազգային բուժարանը բնական կերպով կը շարունակեն կատարել իրենց աշխատանքները։ Կաթողիկոսարանը եւս կը շարունակէ իր աշխատանքները։
Ժողովականներուն կողմէ տրուած կարգ մը հարցումներուն կաթողիկոսը յաւելեալ լուսաբանութիւններ տուաւ։ Ժողովականներ նաեւ թեմերուն վերաբերող կարգ մը մտահոգութիւններու եւ երեւոյթներու անդրադարձան։ Ապա, ժողովականները իրենց գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին հայրապետին առաջնորդութեամբ թէ՛ կաթողիկոսարանին եւ թէ թեմերուն կողմէ կատարուող յարաբերական, վարչական աշխատանքներուն ու յատկապէս մեր ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու ճիգերուն։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ