ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի մէջ նոր հաստատուած պոլշեւիկեան իշխանութեան դէմ 1921ի այս օրերուն ծագած Փետրուարեան ապստամբութեան բռնկման նշանաւոր օճախներէն մէկը Գառնին էր։ Օրուան խորհուրդին առիթով այնտեղ ամփոփուած խմբապետներու շիրիմները այցելեցին բազմաթիւ դաշնակցականներ:
Հոն տեղի ունեցած նախաձեռնութեան ընթացքին, ՀՅԴի անդամ, լեզուաբան, Երեւանի պետական համալսարանի ընդհանուր լեզուաբանութեան ամպիոնի վարիչ Վարդան Պետրոսեան ըսաւ, որ 1921ի Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան յաջորդած հարիւր տարիներուն, մասնաւորապէս մինչեւ նախորդ դարու կէսերը, երբ տակաւին ողջ էին ապստամբութեան առաջնորդներէն ոմանք (Ս. Վրացեան, Բաշգառնեցի Մարտիրոս, Կարօ Սասունի եւ ուրիշներ), եւ 1990էն ետք, երբ հայ ժողովուրդը վերանուաճեց իր անկախութիւնը, այդ իսկապէս նշանաւոր, պատմական իրադարձութեան մասին յաճախ գրուած է, սակայն, սխալած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ մինչեւ օրս ալ անիկա կը մնայ ըստ արժանուոյն չգնահատուած։
Ըստ Վարդան Պետրոսեանի՝ այդ իրականութիւնը ունի քաղաքական կամ, առաւել շատ, կուսակցական պատճառներ:
«Անկախ շարժառիթներից, այդպիսի վերաբերմունքը չի կարող արդարացուած լինել: Ճիշդ է` ապստամբութեան ղեկավարները, որոշ բացառութիւններով, դաշնակցական յայտնի գործիչներ էին, եւ այդպէս էլ պիտի լինէր, բայց ապստամբութիւնը կուսակցական չէր: Չնայած որ բոլշեւիկ հեղկոմականներն իրենց գործած վայրագութիւնները փորձել են արդարացնել` պատճառաբանելով իբրեւ թէ դաշնակցականներն իշխանութիւնը յանձնելու պահին արդէն իսկ այն վերանուաճելու որոշում են ունեցել, իրականում այդպիսի մեղադրանքն անհեթեթ է, որովհետեւ 1920ի աշնանը հայ-թուրքական պատերազմում կրած ծանր պարտութիւնից յետոյ (ի դէպ` հիմնականում նոյն բոլշեւիկների` բանակում հակապետական ակտիւ քարոզչութեան պատճառով) ՀՅԴի կողմից իշխանութեան համար պայքարելն այլեւս անմտութիւն կը լինէր, եւ դաշնակցական ղեկավարները դա լաւ էին գիտակցում», նշեց լեզուաբանը:
Վարդան Պետրոսեան նաեւ յայտնեց, որ, Փետրուարեան ապստամբութեան 100ամեակին ընդառաջ, Գառնիի աւագանիի որոշմամբ փողոցներ անուանակոչուեցան յայտնի խմբապետներ Մարտիրոս Աբրահամեանի (Բաշգառնեցի Մարտիրոս), Ղազար Քոչարեանի (Քեաչալ Ղազար), Մակեդոն Յակոբջանեանի եւ Խնկօ Ասատրեանի անուններով:
Այս առիթով յայտնի խմբապետ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի (Մարտիրոս Աբրահամեան) շիրիմի դիմաց խումբ մը երիտասարդներ խոստում տուին եւ միացան ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) շարքերուն՝ կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Գառնիի կոմիտէի անդամ Ալբերտ Յարութիւնեանի։
ԵՐԵՒԱՆ
Իւրաքանչիւր տարուան 18 Փետրուարին թէ՛ 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան բռնկման վայրերուն մէջ, եւ թէ խմբապետների շիրիմներուն եւ տարբեր յուշակոթողներու մօտ տեղի կ՛ունենան օրուան խորհուրդին նուիրուած նախաձեռնութիւններ: Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ գտնուող յուշակոթողը` նուիրուած կացինահար եղածներու յիշատակին, այդ վայրերէն մէկն է, ուր 18 Փետրուարին այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէութեան ներկայացուցիչները եւ պատմութեան այդ յիշարժան օրը արժեւորող մարդիկ:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ 100 տարի առաջ մենք կը գտնուէինք նոյն վիճակին մէջ, եւ օրին յայտնուեցան հայրենասէրներ, որոնք կրցան Փետրուարեան ապստամբութեամբ Հայաստանին վերադարձնել ազգային եւ պետական քաղաքականութիւնը:
Զուգահեռներ գծելով ներկայի եւ 100 տարի առաջուան իրադարձութիւններուն միջեւ՝ Մինասեան հաստատեց. «Հայաստանի ներկայիս իշխանութիւնը եւ նրան շրջապատողները պէտք է հասկանան, որ չի կարելի նոյնատիպ պայմանների մէջ դնել ազգապաշտ ուժերին, որոնք ստիպուած են լինելու գնալ ապստամբութեան:
Ապստամբութիւնը իւրաքանչիւր ազգի բնական իրաւունքն է` հարկադրելու համար ցանկացած իշխանութեանը` վերադառնալու իրական ազգային քաղաքականութեան»:
https://www.youtube.com/watch?v=eQZ67_bjKCE&feature=youtu.be
ՀՅԴի անդամ Բագրատ Եսայեան իր կարգին յայտնեց, որ շատ արդիական է Փետրուարեան ապստամբութեան թեման` նաեւ այսօրուան տեսանկիւնէն: «Ի հարկէ, իշխանութեան եկած ապազգային ուժերն ամէն ինչ անելու են` վարկաբեկելու համար ամէն ազգային բան: Բայց, եթէ մենք փորձենք վերլուծել, թէ ինչ եղաւ 1921թ. Փետրուարի 18ին, կը տեսնենք, որ հայ ժողովուրդը ոտքի կանգնեց այդպիսի նմանատիպ մի վարչակարգի դէմ, ինչ որ այն ժամանակ հաստատուել էր Հայաստանում», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ հայկական շահին ծառայող ոեւէ անձ այդ օրերուն կը հետապնդուէր, կը ձերբակալուէր եւ կը գնդակահարուէր, իսկ այդ բոլորին դէմ է, որ ոտքի կանգնեցաւ հայ ժողովուրդը:
Ըստ Բ. Եսայեանի` Փետրուարեան ապստամբութիւնը նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ բռնկած միակ ապստամբութիւնն է, որ, թէեւ շատ կարճ ժամանակով, այդուհանդերձ, տուեալ երկրին մէջ տապալած է հաստատուած խորհրդային կարգերը: