ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը 24 Փետրուարին հրաապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմին ընթացքին ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները իրենց ամբողջ ներուժով նետուեցան Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ օժանդակութեան սուրբ գործին։
«Մարտական գործողութիւններու մասնակցելով, արտաքին-յարաբերական, տեղեկատուական-քարոզչական եւ մարդասիրական աշխատանքներու ճամբով՝ դաշնակցական երիտասարդները բուռն պայքար մղեցին՝ պաշտանելու Արցախը եւ արցախահայութիւնը, այդ նպատակին համար անոնցմէ շատեր զոհաբերեցին իրենց կեանքը: «Փա՛ռք բոլոր անմահացածներուն։
«Այսօր, նոյն նուիրումով, աշխարհասփիւռ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները իրենց ներդրումը կը բերեն յանուն պատերազմի հետեւանքներու վերացման եւ Արցախի վերականգման։
«ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնած տարաբնոյթ ծրագիրները համակարգելու եւ իրականացնելու նպատակով՝ գրասենեակը ժամանակաւորապէս տեղափոխուած է Ստեփանակերտ։
«Նախաձեռնութիւններու հիմնական ուղղութիւններն են․
«- Երիտասարդական մասնագիտական դասընթացքներ. Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւններու զարգացման նպատակով՝ Արցախի հեռանկարային անհրաժեշտ ոլորտներու նուիրուած դասընթացքներու կազմակերպում:
«- Ծրագիրներու կամաւոր ներդրում. կամաւորական աշխատանքներու ճամբով Արցախի տարբեր հաստատութիւններու համար ՀՅԴ երիտասարդներու մասնագիտական ներուժի տրամադրում։
«- Պատանեկան բնագաւառ. դաստիարակչական-ժամանցային բնոյթի զանազան ձեռնարկներու կազմակերպում, Արցախի պատանիներու բարոյահոգեբանական վիճակի բարելաւման ուղղուած աշխատանքներ։
«- Մարդասիրական օժանդակութիւն. տեղահանուած ընտանիքներու եւ նահատակուած, վիրաւորուած կամ հաշմանդամ դարձած զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներուն բարեսիրական ու նիւթական օժանդակութիւններու տրամադրում։
«ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը մնան հաւատարիմ իրենց ստանձնած յանձնառութեան՝ արցախեան գոյամարտը հասցնելու իր յաղթական աւարտին եւ վերականգնելու Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը։
«Արցախահայ երիտասարդը պիտի մնայ, ապրի ու ստեղծագործէ իր հայրենիքին՝ Արցախի Հանրապետութեան մէջ։
«Կոչ կ՛ուղղենք համայն հայ երիտասարդութեան՝ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն ճամբով մասնակցելու այս ծրագիրներուն եւ իրենց բոլոր հնարաւորութիւններով կանգնելու Արցախի ու արցախցիին կողքին՝ յետ-պատերազմեան ծանր իրավիճակը միասնաբար դիմագրաւելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու նպատակով։
«Արցախը հայ երիտասարդութեան անխոնջ պայքարի կիզակէտն է ու պիտի մնայ»: