
Ռուսիա բնակող հայ քաղաքագէտ Սերգէյ Կուրղինեան արձագանգեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի այն յայտարարութեան, ըստ որուն, Թուրքիա չի փափաքիր ստեղծել Մեծ Թուրան, Անգարա պարզապէս աշխոյժ կերպով կը զարգացնէ իր յարաբերութիւնները թրքալեզու երկիրներուն հետ: Ըստ Լաւրովի՝ ԽՍՀՄի կազմին մէջ մտնող, իսկ այժմ անկախութիւն ստացած թրքալեզու երկիրները չեն աջակցիր այդ ձգտումին:
Ըստ «Էրմենիհապեր»ի՝ Լաւրովի այդ յայտարարութեան պատասխանեց հայ քաղաքագէտ Սերգէյ Կուրղինեան, «Ռասիա» պատկերասփիռի կայանէն: «Լաւրով հիանալի մարդ եւ դիւանագէտ է: Եթէ Լաւրով ըլլար Թուրքիոյ նախագահ, ես պիտի հաւատայի իր բոլոր խօսքերուն, բայց որքան ես գիտեմ՝ Թուրքիոյ նախագահը այլ ազգանուն ունի եւ ան կ՛ըսէ բոլորովին տարբեր բաներ: Ան կ՛ըսէ, որ թրքական աշխարհը պէտք է միանայ, եւ երբ ինծի կ՛ըսեն պէտք չէ հաւատալ իր խօսքերուն՝ հարց կը ծագի. ան շատախօս եւ դատարկաբա՞ն է, թէ ոչ: Էրտողան կը ձգտի ստեղծել Թուրան, այդ պարագային ինչո՞ւ մենք անոր հետ յարաբերութիւններ կը կառուցենք», ըսած է Սերգէյ Կուրղինեան: