«Պզտիկուց Պարտք Մը Ունիմ Քեզի Սիրելի Տոքթոր»
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Հոգելոյս Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեանը 2014ին, տասը տարի բծախնդրօրէն կատարելէ ետք Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովուական ծառայութիւնը, Գանատայի Հայոց թեմին առաջնորդ ընտրուեցաւ: Ան իր շատ սիրած Ս. Աստուածածին եկեղեցին ու անոր հաւատացեալ ժողովուրդը ձգելով հաստատուեցաւ թեմին Մոնթրէալի առաջնորդարանին մէջ: Մոնթրէալ հաստատուելէ երկու ամիս ետք, տիկնոջս՝ էլիզապէթին հետ շնորհաւորական այցելութեամբ հանդիպեցանք իրեն: Սրբազանը մեզ ընդունեց առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ուր յայտնեցինք մեր շնորհաւորութիւնները իր ընտրութեան առթիւ: Ունեցանք սերտ խօսակցութիւն եւ կարծիքներու փոխանակում: Այդ օրերուն «Բժիշկին Խօսքը Գ.» եւ «Բժիշկին Խօսքը Դ.» գիրքերս պատրաստ էին տպարան յանձնուելու, սակայն չէր գրուած անոնց յառաջաբանները: Մեր խօսակցութեան ընթացքին տեղեակ պահեցի զինք այդ մասին եւ ան փափաքեցաւ տեսնել գիրքերը:
Յաջորդ օր այցելեցի զինք եւ մեքենագրուած երկու գիրքերս յանձնեցի իրեն: Ան մի քանի վայրկեան թղթատելէ ետք ըսաւ․ «Սիրելի տոքթոր, ես պիտի գրեմ այս գիրքերուն յառաջաբանը»:
Ես անակնկալի եկայ իր սրտաբուխ առաջարկով եւ շուտով պատասխանեցի․ «Շնորհակալ եմ սրբազան ձեր այս մտածումին համար: Ինծի համար մեծ պատիւ է հարստացնել գիրքերս ձեր յառաջաբանով»:
«Սիրելի տոքթոր Հարպոյեան, ես պզտիկուց պարտք մը ունիմ քեզի հանդէպ, տարիներէ ի վեր այդ պարտքս չեմ կատարած, հոգիս զիս կը տանջէ, գիրքերուդ յառաջաբանը գրելով հոգիս պիտի հանդարտի եւ պարտքս վճարած պիտի ըլլամ», ըսաւ ան:
Շաբաթ մը ետք իմացուց, որ երկու գիրքերուն նոյն յառաջաբանը գրած է եւ խնդրեց, որ առաջնորդարան հանդիպիմ եւ կարդամ իր գրած յառաջաբանը: Յաջորդ օր այցելեցի զինք եւ կարդացի իր գրութիւնը: Շշմեցայ երբ կարդացի, որովհետեւ յառաջաբանին մէջ, ընդգծելէ ետք հատորներուն կարեւորութիւնը եւ իմ գովքս հիւսելէ ետք, մէջբերած էր ինծի վերաբերող յուշ մը, որ ես բոլորովին մոռցած էի: Ահաւասիկ այդ յուշապատումը.
«Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան։ Կամ՝ «Տոքթ. Հարպոյեան»։ Այսպէս ճանչցած եմ զինք, տակաւին 1977ին, 9 տարեկանէս սկսեալ։
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Լիբանանի քաղաքա-ցիական պատերազմի տաք օրերուն, կազմած էր «Ծնծղայ» մանկապատանեկան երգչախումբը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ «Տիկին Հարպոյեան»ը (այսպէս գիտէինք) եւ իրենց աղջնակը՝ Դալարը։ «Տոքթորն» ալ յաճախ Էշրէֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ ներկայ կը գտնուէր փորձերուն եւ տարօրինակօրէն կը ճանչնար իւրաքանչիւր երգող աղջիկ ու տղայ։ Փորձերու աւարտին յաճախ օրիորդ Ալիս Գազանճեանին հետ «շաքար-շոքոլա» կը հրամցնէր եւ տիկին Հարպոյեանին հետ անօրինակ գուրգուրանք կը տածէին իւրաքանչիւր մանուկի նկատմամբ, մանաւանդ համեստ ընտանիքներու զաւակներուն հետ։
Բայց հետեւեալ դէպքը, զինք առաւել եւս «մեծցուցած էր աչքիս», որպէս «շա՜տ բարի մարդ»։ Լսած էի, որ օր մը «Ծնծղայ»ի մանուկներէն մէկը, մօրը հետ բժիշկի կ՛երթայ, մօրը չափազանց անհանգստութեան պատճառով, որովհետեւ կորսնցուցած էր իր 21ամեայ զաւակը։ Երբ բժիշկին քով կը մտնեն, տոքթ. Հարպոյեանը կը ճանչնայ մանուկը, կը գնահատէ անոր անխափան մասնակցութիւնը փորձերուն եւ քննելէ ետք հիւանդը, ախտորոշումը կատարելով՝ բոլոր դեղերը կը տրամադրէ. իսկ պատուոյ գինը կը մերժէ առնել, մանուկին մօրը ըսելով.
– Ես պատիւ կը զգամ, որ ձեր զաւակը հայ երաժշտութեան կը ծառայէ։ Ռումբերուն տակ անոր փորձերուն մասնակցութիւնը աւելի կ՛արժէ քան իմ կատարածս։ Աստուած հետերնիդ ըլլայ։ Որեւէ ատեն երբ պէտք ունիք ինծի, ես պատրաստ եմ։
Այս պատմութիւնը լսած էի այդ պատանիէն։ Լսած էի նաեւ, որ անոնք երբ բժիշկի գացած էին, վստահ չէին, որ իրենց ունեցած գումարը պիտի բաւէ դեղերուն գնման համար»:
Հետաքրքրութիւնս արթնցաւ եւ ուզեցի գիտնալ այդ հիւանդ մանչուկին ո՞վ ըլլալը: Ուստի խօսքս սրբազանին ուղղելով հարցուցի. «Սիրելի Մեղրիկ սրբազան, կը յիշե՞ս այդ մանչուկին ով ըլլալը, այսինքն՝ անոր անունը եւ մականունը»:
Այդ վայրկեանին անոր աչքերը արցունքով յորդեցան, քար լռութեան մատնուեցաւ, ոտքի ելաւ, մօտեցաւ ինծի եւ ճակատես համբուրելով ըսաւ․ «Սիրելի տոքթորս, այդ մանչուկը ես էի: Այդ օրուընէ ի վեր ես առիթը չէի ունեցած իմ շնորհակալութիւնս յայտնել քու այդ ազնիւ վերաբերմունքիդ համար, մեծ պարտք մը ունէի քեզի հանդէպ: Ահա այսօր այդ պարտքս մատուցանեցի: Հոգիս եւ խիղճս այլեւս հանդարտ է»:
Իմ ալ աչքերս թրջեցան, կոկորդս չորցաւ եւ չկարողացայ խօսիլ: Ես նեղ կացութեան մատնուած յուզումով պատասխանեցի. «Սիրելի սրբազան ես այս պատմութիւնը բոլորովին մոռցած էի: Ինչ որ ըրած եմ այդ օր նուազագոյն պարտականութիւն մըն էր քեզի եւ ծնողքիդ հանդէպ: Շնորհակալ եմ որ ճիտիդ պարտքը գիրքերուս հրատարակութեան առթիւ կատարած պիտի ըլլաս»:
Գիրքերս լոյս տեսան 2015ին Մեղրիկ սրբազանին յառաջաբանով: Անոնց շնորհանդէսը կատարուեցաւ Մոնթրէալի, Լաւալի, Լոս Անճելըսի եւ Պէյրութի մէջ:
Հոս տեղին է յիշել որ ես Մեղրիկ սրբազանը ճանչցած եմ իր մանկութեան: 1977ին Պէյրութի մէջ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան երաժշտական թեքնիք յանձնախումբը կազմակերպեց «Ծնծղայ» մանկապատանեկան երգչախումբը ղեկավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի: Մեղրիկ սրբազանը իր աւազանի անունով՝ Կարօ Բարիքեան, երգչախումբի անդամ էր: Ես որպէս Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ կը հետեւէի երաժշտական յանձնախումբին աշխատանքներուն եւ ներկայ կ՛ըլլայի երգչախումբին փորձերուն: Կարօ Բարիքեանին ծանօթացած էի երգչախումբի փորձերուն առիթով: Ան լուրջ, բարի եւ խելացի մանչուկ մըն էր: Ան ունէր ճշգրիտ ականջ եւ գեղեցիկ ձայն: «Ծնծղան» վեց ամիսներու փորձերէ ետք հանրութեան ներկայացուց ճոխ յայտագրով երգահանդէսներու շարք մը: Այդ երգահանդէսներուն Կարօն իր անուշիկ ձայնով մեներգեց՝ Ռ. Մելիքեանի «Մանուկն ու ջուրը» երգը, որ արժանացաւ ունկնդիրներուն բուռն ծափահարութեան:
Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը 1 Յունիս 2014ին կազմակերպած էր երգահանդէս մը կատարողութեամբ՝ «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբին ի պատիւ Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեանին, անոր առաջնորդ ընտրուելուն առիթով:
«Նոր Ծաղիկ» երգչախումբը այդ օր պատուեց նորընտիր առաջնորդը յատուկ եւ կոկիկ յայտագրով մը: Յայտագրի կիսուն սրբազանին անակնկալ եղաւ իր մանկութեան 1977ին Պէյրութի Համազգայինի «Ծնծղայ» երգչախումբին մէջ երգած «Մանուկն ու ջուրը» երգին ունկնդրութիւնը: Մեղրիկ սրբազան յուզուած շնորհաւորեց «Նոր Ծաղիկ»ի խմբավար Էլօ Հարպոյեանը, այս անակնկալին համար եւ ըսաւ՝
«Տիկին Էլօ՛, այս պահուս զիս տարիք մանկութեանս եւ «Ծնծղայ» երգչախումբի անուշ տարիներուն: Հետաքրքիր եմ գիտնալ՝ ո՞վ արձանագրած էր երգս եւ մինչեւ օրս պահած էր այդ արձանագրութիւնը որպէս գանձ: Կ՛ենթադրեմ արձանագրողը եւ պահողը ձեր ամուսինը յարգելի տոքթ. Հարպոյեանն է»:
«Այո՛ սրբազան, ամուսինս՝ Կարպիսը արձանագրած է 1977ին եւ մինչեւ օրս խնամքով պահած է այդ արձանագրութիւնը»:
Մեղրիկ սրբազան ինծի ուղղելով խօսքը ըսաւ. «Շնորհակալ եմ տոքթոր այս անակնկալին համար: Ենթադրութիւնս ճիշդ ելաւ»:
Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեան վախճանեցաւ 16 Յունուար 2021ին, Պէյրութ, Լիբանան:
Շատ սիրելի Մեղրիկ սրբազան, երթդ բարի: Հանգչէ խաղաղ, որովհետեւ մեկնեցար պարտքդ կատարելէ ետք: Երանի անոնց որոնք կը մեկնին անպարտ:
Յարգանք քու մեծ, բարի եւ խոնարհ հոգիիդ:
Մոնթրէալ
20 փետրուար, 2021