ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպուած ջարդերու զոհերու յիշատակին եւ բռնագաղթած հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան առիթով, Փետրուար 28ին, խումբ մը դաշնակցականներ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին գլխաւորութեամբ, այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիրը եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած՝ ծաղիկներ խոնարհելով Սումկայիթի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին: