ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 25 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելի Եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵ) Գործադիր վարչութեան առցանց ժողովը: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին վարչութեան անդամներ՝ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան:
Ժողովը առաջին հերթին վաւերացուց Սեպտեմբեր 2020ին Պըքերքէի մէջ գումարուած նախորդ հանդիպումին ատենագրութիւնը, որմէ ետք ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ապս ներկայացուց իր զեկոյցը, որուն մէջ ան ներկայացուց Գործադիր վարչութեան իրագործումները եւ ապագայի ծրագիրները: Ժողովը կատարեց նաեւ պիւտճէական քննարկում եւ առաջարկեց յաճախակի առիթներով ժողովներ գումարել՝ մօտէն հետեւելու շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու կեանքին եւ վկայութեան: