ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 27 Փետրուարին, նախագահական նստավայրէն հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու վերաբերեալ առաջարկը առանց ստորագրութեան եւ նախագահին նկատողութիւններով վերադարձուեցաւ վարչապետին։
Նշուեցաւ, որ 25 Փետրուարին, Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած էր այս առաջարկը, որուն առնչութեամբ հանրապետութեան նախագահը խորհրդատուութիւններ եւ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու ու զինուած ուժերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ:
Հրամանագիրի նախագիծը ուսումնասիրուած է հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին մէջ, ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկուած է յառաջատար իրաւաբաններու եւ անկախ փորձագէտներու հետ, որոնց տեսակէտները ամփոփելով՝ կարելի է եզրակացնել, որ հրամանագիրի նախագիծը առերեւոյթ կը հակասէ սահմանադրութեան:
Շեշտուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահը չի պաշտպաներ որեւէ քաղաքական ուժ եւ որոշումները կու տայ՝ առաջնորդուելով բացառապէս համապետական եւ համազգային շահերով:
«Ակնյայտ է նաեւ, որ պատերազմով պայմանաւորուած՝ զինուած ուժերի անձնակազմն այսօր աւելի քան երբեւէ բոլորիս աջակցութեան եւ ուշադրութեան կարիքն ունի: Բանակի եւ անձնակազմի խնդիրների լուծումն առաջնային է եւ չի կարող որեւէ պարագայում անտեսուել: Ստեղծուած իրավիճակն աննախադէպ է, պահանջում է համակարգային եւ համապարփակ լուծումներ եւ չի կարող կարգաւորուել կադրային յաճախակի փոփոխութիւնների միջոցով՝ առանց հաշուի առնելու երկրում առկայ վիճակը: Յիշեցնում ենք, որ հրամանագրի նախագիծը Հանրապետութեան նախագահին է ներկայացուել զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետի եւ գլխաւոր շտաբի աւելի քան չորս տասնեակ բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնեաների յայտարարութիւնից յետոյ, ռազմական դրութեան իրավիճակում, քաղաքական ճգնաժամի եւ անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրների առկայութեան պայմաններում: Հանրապետութեան նախագահը, իր սահմանադրական լիազօրութիւնների շրջանակում, առարկութիւններով վերադարձրել է հրամանագրի նախագիծը: Հանրապետութեան նախագահը հետապնդում է մէկ նպատակ՝ երկիրը զերծ պահել սահմանադրական կարգին ու անվտանգութեանը սպառնացող վտանգներից, ապահովել երկրի կայունութիւնը եւ զինուած ուժերի բնականոն գործունէութիւնը», կ՛ըսուի նախագահական յայտարարութեան մէջ։
1 Մարտին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի վատառողջ ըլլալուն պատճառով այցելեց անոր։
Բնականաբար, անոնք անդրադարձան երկրի ներքաղաքական իրավիճակին: Նախագահականի լրատուութեան մէջ կ՛ըսուի, որ տարածուող կարգ մը տեղեկութիւնները բացարձակապէս սուտ են, եւ փորձ են աւելի սրելու առանց այդ ալ լարուած իրավիճակը:
«Մէկ անգամ եւս յորդորելով ձեռնպահ մնալ սադրիչ եւ կեղծ տեղեկութիւններ տարածելուց, միաժամանակ, կրկին ընդգծում ենք, որ Հանրապետութեան նախագահն առաջնորդւում է բացառապէս սահմանադրութեամբ եւ համապետական ու համազգային շահերով, գործում է իր սահմանադրական լիազօրութիւնների շրջանակում», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյն օրը Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որմէ կը բացակայէին Հանրապետութեան նախագահը եւ բանակի ընդհանուր հրամանատարը:
Քննարկուեցան արտաքին եւ ներքին ապահովութեան հարցերու օրակարգին, մարտահրաւէրներու ու անոնց յաղթահարման ուղիներուն վերաբերող հարցեր: