ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․– Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց աւելի քան 180 քոնկրեսականներու կողմէ ստորագրուած, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին հասցագրուած այն կոչը, որ գործադիր իշխանութիւններէն կը պահանջէ աւելի խիստ կեցուածք որդեգրել Անգարայի կողմէ գործադրուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն, ինչպէս նաեւ հակաժողովրդավարական եւ համաամերիկեան քայելուն նկատմամբ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան նաեւ շեշտեց, թէ Պայտընի վարչակազմը պէտք է վերջ մը դնէ երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը Անգարայի շահերուն յարմարցնելու ամերիկեան նախորդ կառավարութեան անընդուելի կեցուածքին։
Նամակը, որ նախաձեռնութիւնն էր քոնկրեսկաններ Սեթ Մուլթընի եւ Էնթընի Կոնզալեսի, կարելի է ամբողջութեամբ կարդալ՝ այցելելով կայքէջը։