ԵՐԵՒԱՆ.- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի՝ 2 Մարտի որոշումէն ետք՝ չստորագրել Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանը իր պաշտօնէն հեռացնելու վերաբերեալ առաջարկը՝ ընթացք տալով անոր պաշտօնանկութեան, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը մտահոգիչ նկատեց եղածը եւ պահանջեց հանդիպում ունենալ նախագահին հետ։ 3 Մարտին, շարժումի ներկայացուցիչները՝ վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան, ՀՀԿ Գործադիր մարմինի անդամ Վահրամ Բաղդասարեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան տեսակցեցան Արմէն Սարգսեանի հետ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակի հանգուցալուծման եւ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ լարուածութեան թուլացման ուղիներուն շուրջ: Շարժումի ղեկավարները ներկայացուցին իրենց մօտեցումները եւ տեսակէտները:
Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Վազգէն Մանուկեան ըսաւ հետեւեալը. «Մենք իրեն համոզում էինք, որ տրամաբանութեան շրջանակներում, եթէ դու ասում ես, որ (հրամանագիրի նախագիծը) չի համապատասխանում Սահմանադրութեանը, վերին ատեանը, որը կարող է որոշել համապատասխանում է, թէ ոչ` Սահմանադրական դատարանն է: Հետեւաբար` պէտք է ուղարկել Սահմանադրական դատարան»։
Նոյն ատեն, Բաղրամեան պողոտային վրայ, Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ շարժումին հանրահաւաքը, որուն մասնակցողները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը, նաեւ իրենց ամբողջական աջակցութիւնը յայտնելով զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին։
Նշենք, որ հանրահաւաքին զուգահեռ Ազգային ժողովին մէջ կը գործադրուէր կառավարութեան հետ հարցումպատասխան օրակարգը: Իշխանութիւնը հնարաւոր եւ անհնար բոլոր միջոցներու ձեռնարկեց Նիկոլ Փաշինեանի ու կառավարութեան անդամներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Նախքան անոնց ժամանումը, բազմաթիւ ոստիկանական ուժեր կեդրոնացան Ազգային ժողովի շէնքին մէջ, այնուհետեւ Բաղրամեան պողոտային կողմէ փակեցին խորհրդարանի դարպասները, իսկ շէնքի վերեւի հատուածներուն մէջ տեղակայեցին բազմաթիւ դիպուկահարներ:
ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան դիտել տուաւ, որ իրենց կազմակերպած հանրահաւաքներուն հիմնական նպատակն է մերժել հայոց զինուած ուժերը գլխատելու ծրագիրը, որ ձեռնտու է միայն մեր թշնամիներուն։
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան, դիմելով հանրահաւաքին մասնակցողներուն՝ յայտարարեց, որ նախագահը պէտք է հետեւողական ըլլայ, ետ քայլ չկատարէ, ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնանկութեան հարցով դիմէ Սահմանադրական դատարան, հակառակ պարագային թէ՛ բանակը, թէ՛ ժողովուրդը թոյլ պիտի չտայ ոչ միայն կառավարութեան, ոչ միայն նախագահին, այլ բոլորին գործունէութիւնը:
«Կը սահմանափակի նրանց գործունէութիւնը, որովհետեւ նրանց գործունէութիւնը հակապետական եւ հակաազգային կը լինեն: Սա սկզբունքային հարց է, ժողովուրդը ոտքի է կանգնել իր զինուած ուժերի հետ միասին եւ պետականութիւնն է պաշտպանում: Սա միայն Օնիկ Գասպարեանի հարցը չէ, սա մեր ողջ բանակի, բարձրագոյն հրամանատարական կազմից մինչեւ վերջին զինուորի տուած երդումը պահելու հարց է: Երկրորդ, զուտ իրաւական առումով ՀՀ նախագահը չի կարող անգործութիւն դրսեւորել առանց հիմնաւորման: Օրէնքը սահմանում է` կամ ստորագրում ես, կամ դիմում ես ՍԴ, երրորդ տարբերակ չկայ: Երրորդ տարբերակն անգործութիւնն է», ըսաւ Մինասեան:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան, որ ըսաւ, թէ օրեր առաջ իրենք խոստացան, որ Բաղրամեան պողոտան պիտի դառնայ իրենց պայքարի հրապարակը, եւ հոն պիտի մնան այնքան ատեն որ յաղթական աւարտին չեն հասցուցած մեր արդար գործը: Ան շեշտեց, որ բոլորը հաւաքուած են, որովհետեւ կարելի չէ հաշտուիլ հայրենիքի կորուստին հետ:
«Որովհետեւ դուք համոզուած էք, որ մի օր յետ ենք բերելու Հադրութն ու Շուշին, որովհետեւ դուք չէք կարող մոռանալ այն պարտքը, որ ունենք մեր 5000 անմեղ զոհուած նահատակների առջեւ», նշեց Լիլիթ Գալստեան։
Վազգէն Մանուկեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Օննիկ Գասպարեան պիտի շարունակէ պաշտօնավարել առնուազն մինչեւ 8 Մարտ՝ շեշտելով. «Կարեւորն այն է, որ ոչ թէ միայն մենք թոյլ չենք տալու, այլ բանակը թոյլ չի տայ, բանակը հասկացել է, բանակում տղամարդիկ են», ըսաւ Գալստեան:
Ան ժողովուրդին կոչ ուղղեց դիմանալ, համբերատար ըլլալ՝ աւելցնելով «Մեզ պէտք չէ արեան միջոցով իշխանութիւն, մեզ պէտք է հասունացած այդ ամէնն ինքն իրեն լուծուի, դրա համար պէտք է կամք, յամառութիւն, հաւատք: Մենք այս երկու-երեք օրը շարժման մասնակիցներով կ՝այցելենք մարզեր: Պէտք է կարողանանք մեր ասելիքը հասցնենք մարզերին: Շաբաթ օրը, 15:00ին մեծ հանրահաւաք կ՛անենք, որ ցոյց տանք` ամբողջ ժողովուրդն է մասնակցում դրան, եւ նորից կը շարունակենք գնալ առաջ»: