ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- «Ֆէյսպուք»ի օգտատէր Գայեանէ Պաղտասարեան իր էջին վրայ գրած է, որ արցախեան պատերազմին եւ 9 Նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութեան իբրեւ արդիւնք անտուն մնացած արցախցիները հաւաք պիտի կատարեն։
Ան կոչ կ՛ուղղէ տուն եւ ունեցուածք կորսնցուցած բոլոր արցախցիներուն՝ 4 Մարտին, ժամը` 12ին հաւաքուելու Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ: