ԷՆՍԻՆՕ․- Հայոց եկեղեցին 28 Փետրուարին նշեց «Անառակի Կիրակի»ն: Ըլլալով Փետրուար ամսուան վերջին Կիրակին եւ ըստ աւանդութեան, թեմակալ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի տնօրինումով ու ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան խնդրանքով՝ յաւարտ Ս. պատարագի, Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Հայ Օգնութեան միութեան ննջեցեալ անդամներուն եւ բարերարներուն հոգւոցն խաղաղութեան համար:
Հոգեհանգիստ կարդացուեցաւ նաեւ տեղւոյն ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութենէն առյաւէտ բաժնուած ընկերներու հոգւոցն:
Արարողութեան ներկայ եղան ՀՕՄի Շրջանային, «Անահիտ», «Լոռի», «Մարօ» մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ կոմիտէութեան անդամներ:
Սրբազան հայրը նախագահեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պատարագին եւ յաւուր պատշաճի իր քարոզը խարսխեց Անառակ Որդիի առակին եւ երկրորդ հարիւրամեակ թեւակոխած ՀՕՄի ազգային ու համահայկական գործունէութեան վրայ:
Անառակ Որդիի առակին հակիրճ պատումը կատարելէ ետք, սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ եկեղեցւոյ հայրերու բացատրութեամբ, եթէ աւետարաններուն մէջ տեղ գտած Քրիստոսի բոլոր խօսածները, պատգամներն ու հրաշքներու պատումը կորսուէին, «ապա Անառակ Որդիին առակը պիտի բաւէր, որ քրիստոնէութիւնը դարձեալ տարածուէր աշխարհի վրայ, որովհետեւ առակը ինքնին աւետարան մըն է եւ կրօնքին ո՛ւժը ունի իր մէջ»:
Նշելով, որ ամէն մարդ իր կեանքին ընթացքին միտքով, խիղճով կամ գործով օր մը եղած է անառակ որդի, բայց շնորհիւ Աստուծոյ բարութեան եւ ներողամտութեան, անոր շնորհուած է դարձեա՛լ Աստուծոյ զաւակը ըլլալու առիթ, երբ գիտակցած է իր գործած սխալին ու դարձի եկած, «որովհետեւ Աստուծմով մաքսաւորը կ՛արդարանայ, մեղաւորը քարոզիչ կը դառնայ, Քրիստոս հալածողը Զայն տարածողը կ՛ըլլայ»՝ սրբազան հայրը յորդորեց, որ «արդարացուածը պէտք է զգուշ ըլլայ եւ այլեւս չվերադառնայ մեղքի կեանք, որպէսզի չչարաշահենք զԱստուած»:
Պատգամի երկրորդ բաժինով քարոզիչ սրբազան հայրը վեր առաւ ՀՕՄի պատմական առաքելութիւնը՝ ըսելով. «ՀՕՄը կանացի այն բանակն է, որ իր ուժով, մտածումով ու ծառայութեամբ եզակի տեղ կը գրաւէ մեր ազգի ու հայրենիքի կեանքին մէջ: Դար մը եւ աւելի իր ազգօգուտ եւ հայրենանուէր գործունէութեամբ ՀՕՄը ինքզինք իրագործեց, պատիւ շահեցաւ, վաստակ ձեռք բերաւ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ գործել Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններէն մինչեւ Միջին Արեւելեան գաղութներ ու Հայաստան, Արցախ եւ Ջաւախք՝ իբրեւ համաժողովրդեան միացեալ ձեռք մը, որ թէ՛ կը գուրգուրայ որբին ու անտէրին, թէ՛ կը նուիրէ զրկուածին, վիրաւորին ու աղէտեալին, թէ՛ միջոցներ կը տրամադրէ կարիքաւոր աշակերտներուն, որպէսզի շարունակեն իրենց ուսումը եւ դառնան ազգին ու հայրենիքին պիտանի մարդեր»:
Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին սրբազան հօր առաջնորդութեամբ եկեղեցական թափօրը շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ «Աւետիսեան» սրահը, ուր օրհնուեցաւ մատաղը եւ իրարու ետեւէ երգուեցան «Կիլիկիա» մաղթերգը, ՀՕՄի քայլերգը եւ «Մեր Հայրենիք»ը: