ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իզվեսթիա».- Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու գործընկերութիւնը հիմնուած է «կատաղի ռուսատեացութեան» վրայ: «Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելով` Պրիւքսել եւ Ուաշինկթըն կ՛ուզեն ուշադրութիւնը շեղել իրենց սեփական հարցերէն», յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ակնարկելով Եւրոպական Միութեան հետ դաշինքներուն, ան աւելցուց. «Դաշինքները պէտք է ուղղուած ըլլան կառուցողական, դրական հարցերու լուծման եւ ոչ թէ հողմաղացներու հետ անվերջ պայքարին»:
Զախարովա նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նպատակն է՝ ստեղծել այնպիսի պատկեր մը, որ իրեն պիտի արտօնէ ինքզինք կոչել «քիմիական զինաթափման ոլորտին մէջ արդարութեան մարտիկ»:
Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգները այժմ կը փորձէ Եւրոպական Միութեան հետ կապերը ամրապնդել եւ այդ արշաւին մէկ մասնիկը դարձուցած է հակառուսական նոր պատժամիջոցները:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին գծով ռուս պաշտօնատարներու եւ ռուսական կազմակերպութիւններու դէմ պատժամիջոցներ յայտարարած էին:
Քրեմլինը յայտնեց, որ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու հաստատումը երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ «քանդող ազդեցութիւն պիտի ունենայ»: