ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի մէջ մեկնարկած են գարնանացանի աշխատանքները, որոնց ցուցանիշը, նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ նուազած է 95 տոկոսով:
Արցախի ազգային վիճակագրական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ այս տարի մինչեւ 9 Մարտ կատարուած է ընդհանուր առմամբ 46 հեկտար գարնանացան` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի 922.1 հեկտարին փոխարէն: Գարնանացանի աշխատանքները սկսած են Ասկերանի շրջանին մէջ, ուր, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը նուազած է 81.4 տոկոսով: