Լոյս տեսաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Բագին» գրական պարբերաթերթի 2020-4 թիւը, որուն գեղարուեստական բաժինը նուիրուած է Արցախի գրողներուն։
Անոր մէջ կան ստեղծագործութիւններ՝ Անահիտ Հայրապետեանէն, Հերմինէ Աւագեանէն, Վարդան Յակոբեանէն, Ժաննա Բէգլարեանէն, Ռոբերտ Եսայեանէն, Վան Նովիկովէն, Տաթեւ Սողոմոնեանէն, Վովա Արզումանեանէն, Վիտալի Պետրոսեանէն, Սոնա Համբարձումէն, Սերգէյ Սաֆարեանէն եւ Հայասէր Յովսէփեանէն, ինչպէս նաեւ «Լեւոն Շանթի Հին Աստուածների Առաջին Բեմադրութիւններն Ու Նրանց Քննարկումները» (Բախտիար Յովակիմեան), «Տարաբնակ Մարդը Մ. Իշխանի Թատերախաղերուն Մէջ» (Վիգէն Թիւֆէնքճեան) եւ «Օշականի «Ամբողջական Գործեր»ի Առաջին Հատորը» (Քնարիկ Աբրահամեան) յօդուածները։
Ստորեւ կու տանք թիւին խմբագրականը․
Այս տողերը կը գրուին, երբ հայոց պատմութեան վերջին հարիւր տարուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով աղէտալի պարտութիւն մը արձանագրուած է։ 30 Հոկտեմբեր 1920ին, Կարսի անկումը փաստացի վերջը կը դնէր հայ-թրքական պատերազմին եւ սկիզբը Հայաստանի առաջին անկախութեան անկումին։ 9 Նոյեմբեր 2020ին, Արցախի մէկ ու կէս ամսուան անհաւասար պատերազմը կասեցնող տխրահռչակ համաձայնագիրը կը ստորագրուէր՝ իր ցնցիչ հանգամանքներով ու դեռ լիովին չպարզաբանուած հետեւանքներով։
Ինչպէս Կարսը անցեալին, ներկայիս ալ Արցախը խորունկ վէրք մը կը բանայ մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ։ Երէկ Չարենց մը պէտք էր, որ փորձէր այդ վէրքը դարմանել իր գրական հանճարի նշդրակով՝ «Երկիր Նայիրի» վէպին մէջ։ Այսօ՞ր…։
Բագինի այս թիւին գեղարուեստական բաժինը նուիրած ենք Արցախի գրողներուն, համախմբելով արծիւներու այդ բոյնէն եկած գրական էջերու փունջ մը, ջանալով ցոլացնել թէ՛ ստեղծագործական հեւքի անմիջականութիւնը եւ թէ, գոնէ ձեւով մը, ռազմական երեսնամեայ իրադրութենէն ծնած վիճակներ։ Այս գործերէն մէկ քանին, ինչպէս պիտի նկատէ ընթերցողը, ծնած են վերջին պատերազմի օրերուն, իսկ աւելի վաղ գործերը՝ գէթ մասամբ, կը ներկայացնեն միեւնոյն տեսակի ապրումներ։ Բոլոր պարագաներուն, արցախցի գրողները, անկախաբար իրենց գործերուն գեղարուեստական արժէքէն (ընտրութեան մէջ աշխատած ենք մեր գրական չափանիշները բարձր պահել, թէեւ երբեմն առաջնութիւնը տուած ենք հեղինակային բխումի թարմութեան), անկոտրում՝ ու կարելի է ըսել միասնական պահանջ մը կը ներկայացնեն. մարդկօրէն իրենց հողին վրայ ապրելու անշրջանցելի մղումը։ Այսպէս է, որ ծնած է արցախեան շարժումը 1988ին եւ մինչեւ այսօր այս տարրական պահանջին դիմաց է, որ աշխարհը խուլ ու համր կը ձեւանայ, ինչպէս պարզուեցաւ 27 Սեպտեմբեր – 9 Նոյեմբեր 2020 ժամանակաշրջանին, բոլոր անոնց համար, որ մոռցած էին 1915–1921ի հայոց պատմութեան դասերը եւ կը հաւատային, որ նորութիւն մը կայ արեւուն տակ…
Արցախին տրամադրելով մեր էջերը կը ցանկանք մեր ընթերցողներուն աւելի հաղորդակից դարձնել անոր գրական մշակներուն եւ անոնց ստեղծումներուն, այն յոյսով, որ մեր պատմական հայրենիքի միշտ կենդանի եւ ԺԸ. դարու ազատամարտերէն մինչ օրս արիութեան բազում գործեր իրագործած այդ հողամասը պիտի շարունակէ վառ մնալ մեր գիտակցութեան մէջ՝ նաե՛ւ գրականութեամբ։