ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռը փոխանցեց Ֆրանսիս պապին Իրաք այցելութեան առիթով քրտական «Ռատուա» լրատուականին կողմէ հաղորդուած` Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հայեր փրկած քիւրտ մը շքանշանով մեծարելու Փայըս 14րդ պապին պատմութիւնը:
Զախոյի քաղաքապետ Մուհամմետ Շամմատին Սէյվան աղան 1925ին այդ պատիւին արժանացած էր, որովհետեւ 1916էն 1918ի միջեւ հայերու ապաստան տուած էր:
«Ռատուա»ն նաեւ կը հաղորդէ, թէ ներկայիս հիւսիսային Իրաքի ինքնավար շրջանին մէջ կ՛ապրին մօտաւորապէս 3000 հայեր եւ հոն կան հայկական վեց եկեղեցիներ:
Զախոյի մօտակայ Աֆզա Ռոք Միրի հայկական գիւղին հայ բնակիչներէն Սարգիս Եուսէֆ կը պատմէ, թէ իր նախահայերէն լսած է Սէյվանի բարեգործութիւններուն մասին