ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է ընդուիլ Ուոլթըր եւ Լորըլ Քարապեաններու անուան կրթանպաստ-վարժողական ծրագիրին դիմումները, որոնք պէտք ամբողջացուին մինչեւ 19 Մարտ։
Սովորաբար Սաքրամենթոյի մէջ իրականացուող ծրագիրը իննամսեայ փորձառութիւն մըն է, որ նպատակ ունի զարգացնել մասնակցողներուն ձիրքերը։
Համաճարակին հետաւանքով, այս տարուան ծրագիրին առաջին մասը (Ապրիլէն Սեպտեմբեր) պիտի իրականացուի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին գրասենեակին մէջ (առցանց կամ ֆիզիքապէս եւ առցանց) աշխատանքի ձեւով, ուր մասնակցողը կենասական փոձառութիւն կրնայ ապահովել։ Ծրագիրին երկրորդ մասը (Հոկտեմբերէն Դեկտեմբեր) պիտի իրականացուի Լոս Անճելըս շրջանին մէջ քաղաքական կամ իրաւաբանական գրասնեակի մը մէջ։
Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել http://www.ancawr.org/fellowship կայքէջը կամ դիմել info@ancawr.org հասցէին։