ԵՐԵՒԱՆ.- 10 Մարտին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեան դադրած է այդ պաշտօնը վարելէ։
Յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ, ուր ուչ նաեւ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Առաջնորդուելով ՀՀ Սահմանադրութեան եւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» ՀՀ օրէնքի վերաբերելի դրոյթներով` վարչապետի կողմից 2021թ. Փետրուարի 25ին Հանրապետութեան նախագահին էր ներկայացուել առաջարկութիւն` ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետ Օննիկ Գասպարեանին զբաղեցրած պաշտօնից ազատելու վերաբերեալ` կցելով համապատասխան հրամանագրի նախագիծը: 2021թ.Փետրուարի 27ին վարչապետի աշխատակազմ են մուտք եղել Հանրապետութեան նախագահի առարկութիւնները վերոնշեալ նախագծի վերաբերեալ: Նախագահի կողմից ներկայացուած առարկութիւնները վարչապետի կողմից չեն ընդունուել, ինչի մասին 2021թ. Փետրուարի 28ին գրութիւն է ուղարկուել Հանրապետութեան նախագահին` համապատասխան հիմնաւորումներով: Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» ՀՀ օրէնքի 35.1ին յօդուածի 3րդ մասով սահմանուած ժամկէտներում Հանրապետութեան նախագահը չի ստորագրել վարչապետի կողմից ներկայացուած նախագիծը եւ չի դիմել Սահմանադրական դատարան, հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 139րդ յօդուածի 3րդ մասը, ինչպէս նաեւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Հայաստանի օրէնքի 35.1ին յօդուածի 6րդ մասը եւ նոյն օրէնքի 40րդ յօդուածի 3րդ մասը` 2021թ. Մարտի 10ից ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետ Օննիկ Գասպարեանն իրաւունքի ուժով համարւում է ազատուած զբաղեցրած պաշտօնից»:
Այս յայտարարութենէն ետք, Փաշինեան միջնորդութիւն ներկայացուց նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնին վրայ նշանակելու Արտակ Դաւթեանը։ Աւելի ուշ, Հայաստանի նախագահի օգնական Յասմիկ Պետրոսեան յայտարարեց, որ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստացած է Արտակ Դաւթեանը ընդհանուր հրամանատար նշանակելու վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը՝ նշելով, որ «նախագահը եռօրեայ ժամկէտ ունի որոշում կայացնելու»:
Այս զարգացումներէն ետք պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական վարչութենէն յայտնեցին, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի հրամանով, Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնը բնականոն կերպով շարունակելու նպատակով, ընդհանուր հրամանատարի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս յանձնուած է ընդհանուր փոխհրամանատար զօր. Ստեփան Գալստեանին:
Մինչ այդ, Հանրապետութեան նախագահը դիմում ներկայացուց Սահմանադրական դատարան՝ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 15 Նոյեմբեր 2017ի օրէնքին` Սահմանադրութեան համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմէն տեղեկացուցին, որ դիմումի ներկայացումը պայմանաւորուած է նաեւ նշուած օրէնքի իրաւակիրառական գործադրութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերով, որոնք առաւել ակնյայտ դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէ ազատելու վարչապետի նախաձեռնութեան եւ անոր յաջորդած սահմանադրական իրաւական գործընթացներուն իբրեւ արդիւնք:
«Սահմանադրական դատարանը օրէնքով իրեն վերապահուած լիազօրութիւնների շրջանակում հնարաւորութիւն ունի` համակողմանիօրէն եւ համակարգային առումով փոխկապակցուած քննութիւն իրականացնել եւ որոշում կայացնել: Ներկայացուած դիմումով Սահմանադրական դատարանի որոշումները եւ ձեռնարկուող հնարաւոր միջոցները կարող են լրջագոյն ազդեցութիւն ունենալ մինչեւ այժմ ընդունուած որոշումների, ստեղծուած իրավիճակին առնչուող ներկայիս եւ հետագայ գործընթացների վրայ` վերը նշուած օրէնքի մեկնաբանման եւ կիրառման համատեքստում: Հանրապետութեան նախագահը յոյս է յայտնում, որ հնարաւորինս արագ համապատասխան որոշման կայացումը իրաւական որոշակիութիւն կը բերի եւ կնպաստի ներկայիս ճգնաժամի հանգուցալուծմանը»:
Սահմանադրական դատարանի մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Սահմանադրական դատարանը ստացած է Հայաստանի նախագահին դիմումը: Կ՛ըսուի, որ «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքով,Սահմանադրական դատարանը 3 օր ժամանակ ունի նախագահէն ստացուած դիմումի համապատասխանութիւնը Սահմանադրականի մասին օրէնքին պարզելու եւ, ըստ այդմ, զայն իբրեւ վարոյթ ընդունելու կամ մերժելու համար: Անկէ ետք Սահմանադրական դատարանի աշխատակարգային նիստով կը քննարկուի գործը վարոյթ ընդունելու հարցը, իսկ վարոյթ ընդունելու պարագային կը ճշդուի դատական նիստ: Նշուած գործողութիւններուն համար սահմանուած ժամկէտը 1 ամիս է, այսինքն` դատական նիստը պիտի ճշդուի շուրջ ամիս մը ետք:
Փաշինեանի կողմէ հրապարակուած պաշտօնանկութեան յայտարարութենէն ետք Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեան յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ դիտել կու տայ, թէ իր դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, իսկ ամբողջ կատարուածը հակասահմանադական է, ուստի ինք դիմած է Հայաստանի վարչական դատարան։
«Իմ դիրքորոշումն անփոփոխ է․ ինչպէս հրապարակուած յայտարարութիւնը, այնպէս էլ պաշտօնից ազատման ողջ գործընթացը հակասահմանադրական են, ինչը հերթական անգամ հաստատում է, որ առկայ ճգնաժամի հայրենանպաստ լուծումը հնարաւոր է ապահովել բացառապէս Հանրապետութեան վարչապետի հրաժարականի եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքում։ Հայաստանի Հանրապետութիւնում Սահմանադրութեան եւ իրաւունքի գերակայութիւնն ապահովելու եւ ուժը բացառապէս իրաւունքի հիման վրայ իրացնելու նպատակով դիմել եմ ՀՀ վարչական դատարան: Ես իմ ծառայութիւնը հայրենիքին եւ հայ ժողովրդին շարունակելու եմ այլ կարգավիճակով: Յարգելի՛ գեներալներ, սպաներ եւ զինուորներ, Զինուած ուժերի բացառիկ առաքելութիւնը հայրենիքի անվտանգութեան ապահովումն է, ուստի յորդորում եմ շարունակելու ձեր անձնուրաց եւ ազգանուէր ծառայութիւնը բացառապէս հայրենիքին եւ ժողովրդին` յանուն զինուած ուժերի զարգացման եւ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման», կ՛ըսուի Գասպարեանի ուղերձին մէջ:
Անկէ ետք Հայաստանի զինուած ուժերու ղեկավար կազմը յայտարարեց, որ կը միանայ Օննիկ Գասպարեանի ուղերձին եւ կը հաստատէ հանրապետութեան մէջ տիրող վիճակին վերաբերեալ մինչ այս տրուած գնահատականները:
«Զինուորական բարձրագոյն հրամանատարական կազմի պաշտօններին նշանակուած իւրաքանչիւր զինծառայողի կրած զրկանքները եւ յաղթահարած դժուարութիւնները գնահատել կարող են բացառապէս ունակ անձինք: ՀՀ Զու գլխաւոր շտաբի պետ, գեներալ-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի` 10․03․2021թ․ ուղերձում հնչած յորդորը զինուած ուժերը ղեկավարման է վերցնում որպէս յանձնարարական», կը նշուի ղեկավար կազմի յայտարարութեան մէջ:
10 Մարտի յետմիջօրէին Նիկոլ Փաշինեան պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ խորհրդակցութիւն ունեցաւ զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմին հետ:
Տեմիրճեան փողոցին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս զարգացումներուն անդրադարձաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան՝ դիտել տալով, որ Արմէն Սարգսեան վարուեցաւ այնպէս, ինչպէս Պիղատոսը, ինչ որ շատ դառն իրականութիւն է: «Նա կարող էր իրականացնել ընդամէնը մէկ օր առաջ, եւ Օննիկ Գասպարեանին աշխատանքից հեռացնելու ապօրինի առաջարկը ՍԴում վիճարկել, բայց նա որոշեց ձեռքերը լուանալ եւ հիմա ամպագոռգոռ յայտարարութիւններ է անում, թէ դիմել է դատարան օրէնքի դրոյթը վիճարկելու համար», նշեց Մինասեան՝ դիտել տալով, որ այս լարուած վիճակին մէջ նախագահին դիմումը հանգուցալուծում չի կրնար տալ:
«Արմեն Սարգսեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի ստեղծած իրավիճակը հանրութեանը եւ պետութեանը տանում է բացարձակ եւ բացայայտ անկման: ԶՈՒ ԳՇն միակ լեգիտիմ ինստիտուտն է, որը երաշխաւորում է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմանների անձեռնմխելիութիւնը եւ պաշտպանութիւնը: Ակնյայտ է, որ օրէնքների թերի կարգաւորման արդիւնքում ստեղծուել է վէճ, եւ ԶՈՒ ԳՇն, ԳՇ պետը, բարձրագոյն հրամանատարական կազմը պէտք է մնան եւ չառաջնորդուեն կառավարութեան ղեկավարի ցանկութիւններով»:
Միւս կողմէ, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնանկութենէն ետք ժամանակավրէպ նկատեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու վերաբերեալ իրենց առաջարկը:
«Մենք դրսեւորել ենք բարի կամքի քայլ, ճգնաժամից լուծում ենք առաջարկել, ինչը մերժուել է: Այս պահին այեւս մեր առաջարկութիւնը ժամանակավրէպ է», նշեց Մարուքեան՝ աւելցնելով սակայն, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը, այնուամենայնիւ, կը մնայ օրակարգի վրայ։