ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Կազմակերպութեամբ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի ՀԵԴի «Անի» ուխտին՝ Շաբաթ, 20 Մարտին, բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Սպիտակ տան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ՝ պահանջելով Ատրպէյճանի կողմէ ապօրին կերպով գերի պահուող բոլոր հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը։
Նախ ցուցարարները հաւաքուեցան դեսպանատան առջեւ։ Անոնք՝ առաջորդութեամբ իրենց պահանջին հսկայ պաստառը կրող փոխադրակառքի մը, 15 մղող քշեցին դէպի Սպիտակ տուն, ամբողջ ճամբուն տեւողութեան այս հարցը լուսարձակի տակ պահելով։
Ցոյցերուն տեսանիւթը կարելի է դիտել կայքէջին վրայ։