ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն»,- «Երաժշտական շրջապտոյտ» համերգաշարին ծիրին մէջ, 9 Մարտին, ուղիղ սփռումով ներկայացուեցաւ Մոնթրէալի դասական նուագախումբի (Orchestre Classique de Montréal – OCM, խմբավար Պորիս Պրոթ) «Երեւանէն Մոնթրէալ» խորագիրով բարեգործական համերգը, որ առցանց դիտելու համար տրամադրելի մնաց երկու շաբաթ։
Իր մասնակցութիւնը բերաւ հանրահռչակ սոփրանօ, գանատահայ Ալին Գութան: Համերգը տեղի ունեցաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի հովանիին տակ։ Համերգին հիմնական նպատակն էր՝ հանդիսատեսի նուիրատուութիւններուն շնորհիւ նպաստել «Ատգեն Արմէնեան» հիմնադրամին կողմէ Հայաստանի մարզերու մէջ իրականացուող մանուկներու երաժշտական ծրագիրներուն։
Ներկայացուեցան Արամ Խաչատրեանէն, Գէորգ Անտոնեանէն (ժամանակակից գանատահայ ստեղծագործող) եւ Արմէն Տիգրանեանէն ստեղծագործութիւններ։