ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ, Ռուսիոյ օդուժը Թուրքիոյ դաշնակից ահաբեկիչներուն պատկանող սպառազինութիւն եւ հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու մաքսանենգուած ուժանիւթ եւ այլ ապրանքներ ոչնչացուց, կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը` յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան:
Ռուս զինուորները օդային հարուածներ հասցուցին Պապ Հաուա սահմանային անցակէտի տարածքին մէջ գտնուող ռազմակայանին, ուր կանգնած էին զէնքով ու սպառազինութեամբ լեցուն բեռնատարները:
Հարուածներ հասցուեցան նաեւ «Ուաթատ Փեթրոլիում» քարիւղի հաստատութեան, որ ստեղծուած է ահաբեկչական «Թահրիր Շամ» շարժումին կողմէ:
Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Երխով Երեքշաբթի օր կանչուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն` Իտլիպի մէջ պատահածին պատճառով:
Թուրք պաշտօնատարները Երխովին ներկայացուցուցին իրենց մտահոգութիւնը Իտլիպի մէջ յաճախակի դարձած ռուսական յարձակումներուն ուղղութեամբ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը` ռուսական իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով, որ Դամասկոսի վրայ ճնշում բանեցնելով՝ դադրեցնել տայ սուրիական բանակին կողմէ «Իտլիպի վրայ յարձակումները»։