ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը յիշատակելի շաբաթավերջ մը ապրեցաւ Շաբաթ, 20 եւ Կիրակի, 21Մարտին, իր երդիքին տակ հիւրընկալելով թեմակալ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը, որ համանուն եկեղեցւոյ սուրբին՝ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապ տօնին առիթով առաջնորդական այցելութիւն տուաւ իր հօտին, շրջանին մէջ ստեղծելով տօնական խանդավառ մթնոլորտ: Շաբաթ յետմիջօրէին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեան ընդունեց Սան Ֆրանսիսքօ ժամանած առաջնորդը, որուն կ՛ընկերակցէր Մովսէս քհնյ. Շաննագեան:
Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ առաջնորդ սրբազան հօր, «Սարոյեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ընթրիքին ընթացքին շնորհաւորական եւ բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Սմբատ վրդ. Սապունճեան, հոգաբարձական կազմի ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան, եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, յարակից միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի՝ առաջնորդ ընտրութենէն ետք Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին տուած անդրանիկ այցելութեան առիթով:
Սրբազանը, իր կարգին, բարձր գնահատեց նուիրեալ կամաւորներու եւ բարերարներու նիւթաբարոյական աջակցութիւնը Հայ եկեղեցւոյ եւ տեղւոյն հայութեան ու իր խօսքին մէջ յորդորեց ներկաները՝ գործելու միասնականութեան ոգիով եւ իրարօգնութեան սկզբունքով, յանուն համայնքային կեանքի առաւել զարգացման, ամրացման եւ բարգաւաճման:
Կիրակի օր, առաւօտեան ժամը 11ին, առաջնորդը Ս. պատարագ մատուցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակաչութեան տօնին առիթով: Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեան, միութիւններու եւ համայնքի ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ նուիրեալներ, բարերարներ եւ հաւատացեալներ:
Ողջունելէ ետք ներկաները, Թորգոմ եպիսկոպոս իր պատգամին մէջ ընդգծեց, որ Պահոց ներկայ ժամանակաշրջանը մարդուն համար ինքնիր մէջ ամփոփուելու, ինքնաճանաչման մէջ խորանալու, անդադար աղօթելու, աշխարհէն ու աշխարհայինէն կտրուելով Արարիչին հետ կապուելու պահ է, որպէսզի Աստուծոյ պատկերով եւ շունչով ստեղծուած մարդը գնահատէ այն բազում օրհնութիւնները, զորս Աստուած շնորհած է իրեն՝ աւելի լաւ մարդ դառնալու, մեղքէն հեռու մնալու եւ իր երկրային կեանքին մէջ միայն Յիսուս Քրիստոսի ճամբէն ընթանալու համար: Վեր առնելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրուած տօնը, սրբազանը դիտել տուաւ, որ թէեւ կը տօնախմբենք ուրախ, յաղթական տօն մը Հայ եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին համար, սակայն, իրականութեան մէջ, դէպքը ցաւալի է, անիկա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքներուն եւ վիրապ մտնելու յիշատակումն է. «Մարդ մը՝ Գրիգոր անուն, իր հաւատքով այնքան ուժեղ էր, որ յաջողեցաւ «ո՛չ» ըսել հեթանոս թագաւորին: Այս պատճառով ալ ան ենթարկուեցաւ բազում չարչարանքներու եւ նետուեցաւ խոր վիրապ, ուր մնաց ամբողջ 13 տարի, բայց մնաց ա՛յն հաւատքով եւ յոյսով, որ Աստուած մեծ ծրագիր մը ունի իրմով իրականացնելիք: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Գրիգորի հաւատքը զուր չէր, Աստուած իրօք ծրագիր մը ունէր, որ հայ ժողովուրդի դարձն էր ի քրիստոնէութիւն, հոսկէ նաեւ Աստուծմէ փառաւորեալ մարդուն նոր կոչումը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ»:
Հուսկ, առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը եւ Գրիգոր անունը կրող բոլոր հայորդիները, ապա ընդունեց ներկաներուն ջերմ շնորհաւորանքները եւ սրտագին բարեմաղթութիւնները: