ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան «Երկիր»ի թղթակից Աննա Բալեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած է առանձին՝ իր սեփական դէմքով ու դիմագիծով, բայց այս անգամ, նկատի ունենալով, որ դեռ արտահերթ ընտրութիւններու հարց չունի օրակարգի վրայ, ձեռնպահ կը մնայ ձեւաչափերուն անդրադառնալէ։
Ան «մտավարժանքներ» որակեց Ռոպերթ Քոչարեանի հետ դաշինքով հանդէս գալու հաւանականութեան մասին լուրերը։
«Տարբեր լրատուամիջոցներում շրջանառուող հնարաւոր ձեւաչափերը մեծ մասամբ մտավարժանքներ են, որովհետեւ գոնէ մենք որեւէ առարկայական քննարկում չունենք, առաւել եւս որեւէ պայմանաւորուածութիւն չունենք։ Մեզ համար արտահերթ ընտրութիւնների հարց այս պահին օրակարգում չկայ», դիտել տուաւ Ա. Համբարձումեան։
Թէեւ, ըստ անոր, քաղաքականութեան մէջ ոչինչ պէտք է բացառել, բայց այս փուլին իրենց քաղաքական պայքարին նպատակը օրուան իշխանութիւններէն ձերբազատիլն է։ Իսկ եթէ, այնուամենայնիւ, կայանան արտահերթ ընտրութիւններ եւ մինչ այդ իրենք չկարենան հասնիլ իշխանութիւններէն ձերբազատելու նպատակին, ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը պիտի ծառայեցնեն այդ նպատակին եւ ձեւաչափի մասին իրենց քաղաքական որոշումը պիտի բխի անկէ։
Վարչապետի սեփական թեկնածու կուսակցութեան մէջէն ՀՅԴն կրնայ ունենալ՝ վստահեցուց Արսէն Համբարձումեան, որ աւելցուց՝ ըսելով, թէ Դաշնակցութիւնը ունի այն քատրային ներուժը, այն փորձառութիւնը, որ ի վիճակի է ներկայացնելու վարչապետի նոյնիսկ քանի մը թեկնածու. իրենք այդ տեսակի հարց չունին, բայց ներկայ փուլին ներքաղաքական պայքարի տրամաբանութիւնը զուտ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պայքար չէ։
«Ներկայ փուլում, եթէ տեղի ունենան արտահերթ ընտրութիւններ, դրանք չեն լինի բովանդակային ընտրութիւններ, որովհետեւ այն վիճակը, որն այսօր մենք ունենք շատ հեռու է բովանդակային ընտրութիւններ կազմակերպելու իրավիճակից», պարզաբանեց ան։
Արսէն Համբարձումեանի համար անհասկնալի է, թէ քաղաքական ուժերը ինչպէ՛ս կրնան քարոզարշաւի սկսիլ եւ ներակայացնել իրենց պատկերացումները, երբ ամէնօրեայ դրութեամբ ապահովութեան շատ լուրջ հարցերու դէմ յանդիման կը կանգնին, եւ երկիրը այս վիճակէն փրկելու անհրաժեշտութիւն ունին։ Ան համոզուած է, որ եթէ տեղի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, անոնք ոչ թէ ընտրութիւններ պիտի ըլլան, այլ պարզապէս քուէարկութիւն։ Այս պատճառով ալ ՀՅԴն կը հակի ընտրութիւնները իրականացնել Փաշինեանը հեռացնելէն մէկ տարի ետք՝ ժամանակաւոր կառավարութեան կազմակերպումով, զոր պիտի գլխաւորէ չէզոք անձ մը, ոչ թէ Փաշինեան։
«Ներկայ իշխանութիւնները հոգեվարքի մեջ են եւ ինչքան շուտ հեռանան, այնքան լաւ կը լինի նաեւ իրենց համար։ Հակառակ պարագայում այդ հոգեվարքը շատ ցաւոտ է լինելու եւ պատասխանատուութիւնը շատ աւելի խիստ է լինելու։ Նախընթաց ամիսների փորձառութիւնից ելնելով՝ արձանագրում ենք, որ իշխանութեան մեղքերի չափաբաժինը գնալով մեծանում է, իշխանութեան ձախողումների շարքը գնալով մեծանում է, իշխանութեան որդեգրած գործելաոճի հետեւանքով կորուստները գնալով շատանում են, եւ ի վերջոյ գալու է պատասխանատուութեան պահը։ Դրա համար պէտք է հասկանան, որ այս կարճ ժամանակահատուածում կատարել են սարսափելի սխալներ, եւ փորձել ընտրութիւնների միջոցով վերատադրուել կամ պատասխանատուութեան եւ մեղքի բաժինը տարածել այն մարդկանց վրայ, ովքեր կը քուէարկեն իրենց օգտին, նշանակելու է, որ այդ մարդիկ ստանձնելու են իշխանութիւնների մեղքի պատասխանատուութիւնը։ Իշխանութիւնները փորձելու են մեղաւորութիւնը կիսել այդ մարդկանց հետ», դիտել տուաւ Արսէն Համբարձումեան։
Ան արձանագրեց, որ գործող իշխանութիւններուն պաշտօնավարումը ոչ միայն յատկանշուեցաւ հայրենիքի զգալի մասի յանձնումով, այլ նաեւ մեծապէս աւելցաւ պետական պարտքը, տնտեսութիւնը անկում կ՛արձանագրէ, անգործութիւնը աւելցած է, արտագաղթողներուն թիւը մեծցած, բարոյահոգեբանական անկումը հասած է գագաթնակէտին, պետական համակարգը անգործութեան մատնուած է։
«Այսքան կարճ ժամանակահատուածում այսքան բացասական հետեւանքների հասնելու համար շատ մեծ տաղանդ էր պէտք։ Եթէ անգամ մեր երկիրը կառավարէին թշնամիները, մեծ դժուարութիւն կ՛ունենային 2.5 տարում այսքան մեծ ձախողումներ արձանագրելու համար, բայց իրենք յաջողել են», նշեց ան։
Արսէն Համբարձումեան իշխող քաղաքական խումբի շահերուն համահունչ նկատեց նաեւ այն, որ Ազգային ժողովը արդէն հանեց ռազմական դրութիւնը։ «Ազգային ժողովի այսօր կայացրած որոշումը հերթական անգամ վկայեց, որ օրուան իշխանութիւնը մշտապէս առաջնորդուել է սեփական շահերով, ներքին վախերով եւ իրենց կայացրած որոշումները բխում են գերազանցապէս հէնց այս նկատառումներից։ Որովհետեւ անցնող ամիսների ընթացքում բազմիցս բարձրաձայնուեց, որ ռազմական դրութեան անհրաժեշտութիւն չկայ, բայց քաղաքական մեծամասնութիւնը յամառօրէն անհիմն պնդումներ էր հնչեցնում, որ մենք յետ–պատերազմեայ իրավիճակում ենք գտնւում, բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ անվտանգային խնդիրներ ունենք, հետեւաբար, ռազմական դրութեան անհրաժեշտութիւնը կայ։ Եւ յանկարծ այսօր պարզուեց, որ դրա անհրաժեշտութիւնը չկայ՝ դարձեալ առանց որեւէ բացատրութեան կամ հիմնաւորման։ Սա յստակ վկայում է, որ գործ ունենք մի իշխանութեան հետ, որը թքած ունի ցանկացած տրամաբանութեան վրայ, ցանկացած հիմնաւորման վրայ եւ միայն ու միայն առաջնորդւում է սեփական շահախնդրութիւններով եւ նպատակադրումներով՝ խուսափել անխուսափելի իրաւական պատասխանատուութիւնից եւ ամէն կերպ փրկել իրենց սեփական կաշին», բացատրեց Ա. Համբարձումեան։
Ասիկա եւս, ըստ անոր, դրուած է արտահերթ ընտրութիւններու տրամաբանութեան մէջ, որովհետեւ մեր Սահմանադրութեան իրաւակարգաւորումներու ծիրին մէջ վարչապետի հրաժարական կարելի չէ ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ։ Այդ արգելքը, անոր համաձայն, կը շարունակէին կիրարկել, որպէսզի արհեստականօրէն խոչընդոտեն վարչապետի հրաժարականի պահանջը։ Բայց երբ որոշեցին, որ ստեղծուած իրավիճակէն իրենց ձեռնտու ելքը կրնան ըլլալ արտահերթ ընտրութիւնները, փորձեցին այդ տրամաբանութեամբ կառուցել իրենց պատկերացուցած քաղաքական զարգացումները։
Դաշնակցութիւնը, Համբարձումեանի համաձայն, շատ մը իրավիճակներու մէջ ստիպուած եղած է առանձին պայքարելու, իսկ այդ գիտակցութեամբ ալ պատրաստ է առաջնորդուելու այսօր ալ։
«Վճռականութեան պակաս չի եղել եւ չկայ։ Անշուշտ, գիտակցում ենք միասնական ճակատով պայքարելու կարեւորութիւնը եւ ամէն ինչ անելու ենք, որ «կոնսենսուս մինուս Նիկոլ» (համախոհութիւն՝ նուազ Նիկոլ) ձեւաչափը, որն արդէն ձեւաւորուել է, որեւէ դէպքում ճեղքեր չունենայ։ Բայց եթէ անգամ ունենանք իրավիճակ, որ հնարաւոր չլինի այս ձեւաչափը պահպանել, վստահեցնում եմ, որ կը գտնենք այլ ձեւաչափեր, այլ հնարաւորութիւններ եւ կը շարունակենք մեր պայքարը», վստահեցուց Արսէն Համբարձումեան։