ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռաձայնային զրոյց մը։ Լուրը կը հաղորդէ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը:
Ըստ կայքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի քննարկման ընթացքին գոհունակութեամբ արձանագրուեցաւ, որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կայունացած է եւ ընդհանուր առմամբ կը մնայ հանգիստ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ միտքերու փոխանակում երկկողմանի համագործակցութեան արդի հարցերու շուրջ, շեշտը դրուեցաւ ուժանիւթի ոլորտի եւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին վրայ: Կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել հետագայ կապերը։