ԵՐԵՒԱՆ.- 1 Ապրիլին, Սլովաքիոյ խորհրդարանի 25րդ լիագումար նիստին, Ազգային խորհուրդի կողմէ միաձայնութեամբ՝ 120 թեր քուէով, որդեգրուեցաւ Սլովաքիոյ Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Մարիան Քերիի կողմէ ներկայացուած «Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ» բանաձեւը։ Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրիոյ մ15 Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը։
Բանաձեւին մէջ խստօրէն կը դատապարտուին խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնները, քաղաքային ենթակառոյցներու, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կոթողներու եւ յուշարձաններու ոչնացումը, մտահոգութիւն կը յայտնուի հակամարտութեան ընթացքին երրորդ երկիրներու զինուորական ներգրաւուածութեան եւ ատոնց ապակայունացնող դերին առնչութեամբ, կը շեշտուի, որ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար, Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ իրաւական կարգավիճակի որոշման հոլովոյթը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ։ Խորապէս մտահոգութիւն կը յայտնուի նաեւ, որ պատերազմի գերիները եւ բռնի պահուող այլ անձեր՝ ներառեալ քաղաքացներ, ազատ չեն արձակուած՝ Միջազգային մարդասիրական օրէնքին համաձայն , մասնաւորաբար՝ 1949 թուականի Ժընեւի ուխտի կէտերուն։
Բանաձեւին մէջ Սլովաքիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան, Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, կոչ կ՛ուղղուի՝ ապահովելու պատերազմական յանցագործութիւններու, ներառեալ տարրանջատուող զինամթերքի օգտագործման վերաբերեալ բոլոր մեղադրանքներու պատշաճ քննութիւնը, բոլոր պատերազմական գերիներու եւ խաղաղ բնակիչներու անյապաղ ազատ արձակումը, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու առանց սահմանափակումներու մուտքը Արցախ։