ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան 31 Մարտին այցելեց Արմաւիրի մարզին մէջ գտնուող Ալ-Ապտալահ կրուփ ընկերութեան գիւղատնտեսական համալիրը: Համալիրի 1100 հեկտար տարածքին մէջ 2021-2022 թուականներուն պիտի տնկուին 350 հազար նուշի ծառեր: Ներդրումներու ծաւալը 30 միլիոն տոլար է, ներդրողը՝ Քուէյթէն գործարար Խալիֆէ Ալ Ֆատալան է:
Վահան Քերոբեան շրջագայեցաւ համալիրի տարածքին մէջ եւ ծանօթացաւ իրականացուող աշխատանքներուն:
«Բուռն կերպով ընթանում են նախապատրաստական աշխատանքները, մէկ ամիս յետոյ կը տնկուի առաջին 55,000 ծառ», ըսաւ նախարարը։